Իր հանճարեղ մտքով եւ եգիպտական բարբառով, Պասեմ Յուսոֆ տարիներ շարունակ նպաստեց ամերիկեան եւ ընդհանրապէս արեւմտեան լրատուամիջոցներուն մէջ գերիշխող իսրայէլեան «մօտեցումներ»ուն խարխլման։ Անոր երկու հարցազրոյցները բրիտանացի լրագրող Փիրս Մորգընին հետ դարձան սարքազմի իսկական արուեստ՝ ընդդէմ ցեղասպանութիւնը արդարացնող եւ իսրայէլեան «զոհ»ի քարոզչութեան։
Ստորեւ՝ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն թարգմանաբար կը ներկայացնենք լիբանանեան «Ալ Ախպար» պարբերականի լրագրող՝ Զաքիյա Ալ Տիրանիի վերջինիս հետ կատարած հարցազրոյցը ։ Հարցազրոյցին ընթացքին կատակերգուն կը կը պատմէ իր «վերադարձ»ին մասին դէպի եգիպտական մէտիադաշտ եւ անշուշտ մօտալուտ շրջագայութիւնը դէպի արաբական երկիրներ։
■ Ինչպէս կը մեկնաբանէք Ձեր վերադարձը Եգիպտոս՝ ON ալիքի «Վերջին Բառ» հաղորդաշարին մէջ ունեցած Ձեր բաժինով, որու առաջին հաղորդումը հեռարձակուեցաւ օրեր առաջ։
Մարդիկ մեծ ակնկալութիւններ ունեցան, երբ յայտարարուեցաւ իմ մասնակցութիւնս։ Կ՛ուզեմ ըսել, որ զրոյցները պիտի նկարահանուին Միացեալ Նահանգներու մէջ, քանի որ ես հոն կ՛ապրիմ եւ չեմ կրնար երկար բացակայիլ այդ երկրէն․ ունիմ նաեւ շարք մը սթենտ-ափ ներկայացումներ։ Բաժինս պիտի ըլլայ աւելի անձնական զրոյցի ձեւով․ պիտի պատմեմ պատմութիւններ, քուլիսներու ետին եղած դէպքերու մասին , եւ անդրադառնամ նաեւ 2023-ի հոկտեմբեր 7-էն ի վեր եղած իրավիճակին ու «փախստական» դարձած կամ համարուող արաբներու կերպարին։ Այսօր մենք արաբական մեծ համայնք ենք Ամերիկայի մէջ։ Ապրելով համաշխարհային համակարգի մը մէջ, երբեմն ստիպուած կ՚ըլլանք մասնակցիլ բաներու, որոնց համաձայն չենք , բայց մեր հարկերու գումարները կ՚ուղորդուին դէպի այն ուղղութիւնները, որոնց յաճախ համաձայն չենք։Այս հարցը մեծ խնդիր է՝ տեսակէտ մը, որ յաճախ չի հնչեր։ Կ՛ուզեմ խօսիլ փախստականներու անունով, որոնք կրնան կամուրջ դառնալ արաբական մշակոյթին եւ իրենց նոր միջավայրին միջեւ։
■ Ոմանք կապեցին հաղորդումը «Կազայի ցեղասպանութեան» երկրորդ տարելիցին հետ։
Շատեր կարծեցին, թէ ելոյթ պիտի ունենամ ամբողջովին Պաղեստինի մասին, բայց այդպէս չէ։ Այո՛, քաղաքական թեմաներ պիտի ըլլան, սակայն իմ տեսանկիւնէս՝ որպէս «գաղթական» ։ Հաղորդումը կը միտի զուարճացնել՝ նոյնիսկ երբ կը խօսի լուրջ նիւթերու մասին։
■ Ինչպիսի՞ ազատութիւն պիտի ունենաս հաղորդման մէջ։
Ես կը խօսիմ իմ «անձնական տարածք»ի սահմաններուն մէջ, կատակերգու եմ եւ չեմ եկած ժողովուրդին խնդիրները լուծելու։
■ Պատմէ՛ մեզի քու սպասուող շրջագայութեանդ մասին։
Շուտով պիտի սկսիմ արաբական շրջագայութիւնս։ Որպէս արաբ, որ կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, միշտ կ՛ապրիմ երկակիութիւն մը․ ինչպէ՞ս կ՛ապրիմ «գազանի որովայնին մէջ»։ Ներկայացումս պիտի ըլլայ անգլերէն՝ որովհետեւ առաջին հերթին այդ լեզուով սկսայ աշխատիլ, եւ անոր շնորհիւ կը հասնիմ աւելի լայն հանդիսատեսի։ Թէ՛ Տուպայ, թէ՛ Պէյրութ բազմալեզու ու բազմազգ քաղաքներ են, ուր տեղացի կատակերգուներու մէկ մասը նոյնպէս անգլերէնով կը ներկայանան։ Ինծի համար կարեւորը շատ մարդոց հասնիլն է․ մենք կ՚ապրինք մէկ աշխարհին մէջ, եւ ինչ որ տեղի կ՛ունենայ ոեւէ կողմի մէջ, կը ներգործէ բոլորին վրայ։
■ Ո՞ր երկրները պիտի ընդգրկէ շրջագայութիւնդ։
Յայտարարուած երկիրներն են՝Տուպայը եւ Պէյրութը՝ նոյնպէս 28 եւ 29 Նոյեմբերին, «Beirut Hall»-ի մէջ (2U2C եւ Star System կազմակերպութեամբ՝ «Beirut Holidays Winter Edition» շրջանակին մէջ)։ Յետագային պիտի յայտարարուին նաեւ Քուէյթը, Պահրէյնը, Օմանը եւ Յորդանանը։
■ Քու եւրոպական շրջագայութենէդ եկամուտի մէկ մասը նուիրեցիր Կազային։ Նոյնը պիտի ըլլա՞ նաեւ այս անգամ։
Ի հարկէ։ Իմ բոլոր ներկայացումներուս եկամուտէն բաժին մը կը տրամադրեմ կազային։
■ Ի՞նչ էր այն բանաձեւը, որուն շնորհիւ քու ձայնդ լսելի դարձաւ Ամերիկայի մէջ՝ Պաղեստինի հարցով։
Ճակատագիրն ու հանգամանքները։ Ես միշտ ալ բախտաւոր եղած եմ։ Երբ Եգիպտոսի մէջ տեսանիւթեր հրապարակեցի, անոնք լայն տարածում գտան, յետոյ ունեցայ հեռուստածրագիր, ապա երկու անգամ հրաւիրուեցայ Փիրս Մորկընի հաղորդմանը։ Կարծեմ՝ ճիշտ ժամանակին եւ ճիշտ առիթին էր, որ եղաւ ամէն ինչ։ Ի հարկէ, արկածախնդրութիւն էր, բայց երբեք ալ պատրաստուած «բաղադրատոմս» չեմ ունեցած։
■ Կը կարծե՞ս, թէ Մորկըն իր կեցուածքը փոխեց քու մտքերուդ հետեւանքով։
Ո՛չ։ Ասիկա պատրանք է։ Ես ինծի ալ ըսի անոր վերջին զրոյցիս ընթացքին՝ թէ տարիներ շարունակ Իսրայէլին տուիր կեղծ լրատուական ծածկոյթ եւ քարոզչութիւն, հիմա միայն կը փոխես դիրքդ։ Մենք չպէտք է խաբուինք «սպիտակ մարդ»է մը մեզի հաճոյանալու համար։
■ Բայց քու զրոյցներդ անոր հետ մեծ արձագանգ գտան արեւմուտքի մէջ։
Մարդիկ գուցէ ինծի աւելի մեծ դեր կը վերագրեն, քան իրականութիւնն է։ Մորկըն երկու տարի շարունակ աջակցած է իսրայէլեան քարոզչութեան, իսկ հիմա կը փորձէ երեւիլ «անաչառ»։ Բայց ո՞ւր էր ան երկու տարի առաջ, երբ «մորթում»ը կը շարունակուէր։ Ես չեմ համոզուած։
■ Ինչո՞ւ չմասնակցեցար Կազայի շրջափակումը կոտրելու «Ազատութեան նաւատորմին»։
Ամէն մարդ իր դերը ունի։ Ես չեմ կրնար բոլորը ընել։ Ունիմ ընտանիք եւ պարտաւորութիւն իմ մօտիկներուս հանդէպ։ Ես ոչ հերոս եմ, ոչ ալ քաղաքական գործիչ՝ կատակերգու մըն եմ, որուն խոսքը կրնայ ազդեցիկ ըլլալ։
■ Կը կարծե՞ս, թէ Սուրիոյ այս շրջանը կը նմանուի երբեմնի Եգիպտոսի վիճակին, եւ արդեօք «սեւ կատակերգութիւն»ը կրնայ բաներ փոխել այդ երկրին մէջ։
Սուրիացի ժողովուրդն է, որ լաւագոյնս կը գիտէ իր վիճակը։ Ես չեմ հետեւիր տեղական կատակերգութեանց, բայց ընդհանրապէս՝ «սեւ կատակերգութիւն»ը ամբողջ աշխարհին մէջ կը կրէ հաղորդագրութիւն մը։
■ Դուն կը պաշտպանես Պաղեստինը, բայց չես խօսիր դիմադրութեան մասին։
Ես կը խօսիմ ամերիկացի կամ արեւմտեան հանդիսատեսին հետ, որուն ուղեղը լեցուած է հակահամասային քարոզչութեամբ։ Երբեմն դիմադրութեան մասին խօսիլը կը դառնայ ծուղակ՝ զրոյցը շեղելու եւ խափանելու համար։ Ես կը փորձեմ բացայայտել Իսրայէլի քարոզչական կեղծ պատկերը, եւ այդ է իմ նպատակը։
■ Իսկ ինչո՞ւ երբեք չանդրադարձար Եմէնին։
Ի՞նչ մասին խօսիմ Եմէնի մէջ։ Ես չեմ կրնար աշխարհի բոլոր խնդիրները լուսաբանել։ Կը խօսիմ որպէս ամերիկացի հարկատու՝ որու գումարները կ՚երթան Իսրայէլ։ Ամերիկացիին պէտք է հասկցնել, թէ իր փողերը ուր կը գործածուին։ Ես կը միտիմ ճշգրիտ կէտերու մէջ խոցել քարոզչական մեքենան։
■ Բայց բոլորը փոխկապակցուած են։
Այո՛, Իսրայէլ կը յարձակի նաեւ Եմէնի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայ։ Բայց ես կ՛ըսեմ ամերիկացինն՝ «Դուն կը վճարես այդ յարձակումներուն համար»։ Պիտի խօսիմ այն ձեւով, որ ան ի վերջոյ ճնշում բանեցնէ իր քաղաքական ներկայացուցիչներուն վրայ։
■ Ապրած ես երկու տարբեր լրատուական- մէտիայի համակարգերու մէջ՝ Եգիպտոսի եւ Ամերիկայի։ Ինչպէ՞ս կը համեմատես ազատութեան մակարդակը։
Ամէն երկիր իր սեփական սահմաններն ունի։ Ամերիկայի մէջ կրնաս քննադատել նախագահը, բայց երբ խօսիս լոպիին մասին՝ անմիջապէս կը մեղադրուիս հակասեմականութեան մէջ։ Այսինքն՝ ազատութիւնը լիակատար չէ։ Ամերիկան «շքեղ» մենատիրութիւն մըն է։
Նիւթը՝ «Ալ Ախպար»էն