Ֆրանսայի Ազգային ժողովը (խորհրդարանի ստորին պալատը) մերժած է Սեպասթիան Լըքորնիւի կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու առաջարկը։ Սա հաստատուած է քուէարկութեամբ։
«Անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը չհաւաքուեցաւ, եւ բանաձեւը մերժուեցաւ», - քուէարկութենէն ետք յայտարարած է Ազգային ժողովի խօսնակ Եաէլ Պրոն-Փիւըն։
Կառավարութեան հրաժարականի օգտին քուէարկած է խորհրդարանի 271 անդամ, մինչդեռ անվստահութեան քուէի ընդունման համար անհրաժեշտ էր 289 ձայն։