«Համաս»-ը յայտարարած է, որ չորեքշաբթի երեկոյեան եւս երկու իսրայէլցի պատանդի աճիւն յանձնած է՝ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կնքուած հրադադարի շրջածիրէն ներս, յայտնած է BBC-ին։
Գրոհայինները պնդած են, որ Կազայի փլատակներու տակ մնացած միւս մարմինները դուրս բերելու համար անհրաժեշտ է ժամանակ եւ յատուկ սարքաւորումներ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը զգուշացուցած է, որ իսրայէլեան ուժերը կրնան վերսկսիլ մարտերը Կազայի մէջ, եթէ «Համաս»-ը չկատարէ իր միջնորդութեամբ կնքուած հրադադարի համաձայնագիրը։
Կազայի մէջ իրականացուող մահապատիժներու լոյսի ներքոյ՝ Թրամփը սպառնացած է բռնի կերպով զինաթափել «Համաս»ը։