 
                    Հանրայայտ մտաւորական, դաստիարակ Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝
Երէկ այցելեցի այս ծառը, Քէօրքիւնէ գիւղ, գերեզմանատուն:
Քէօրքիւնէն շրջանին հնագոյն գիւղերէն մէկն է: Այդպէս մտածել կու տան գիւղացիներու հին զրոյցները եւ հայոց հետ կապուած գիւղի սրբատեղին: Անտիոքի խաչակիր Ռենալտ դուքսին կողմէ պատրաստուած պարգեւագրի մը մէջ, Անտիոքի հարաւը յիշուած այլ գիւղերու շարքին կը հանդիպինք նաեւ Corcona գիւղի մը: Անունը կը համընկնի նաեւ Քէօրքիւնէի բարբառային ձեւին` Քուրքունու:
Այստեղ եղեր է Ս․ Ստեփանոս անուն փոքրիկ եկեղեցի, այժմու գերեզմանատան տարածքին մէջ: Քեսապցիք խոնարհած եկեղեցիներու վայրը կը կոչեն կիղիցիկ: Բոլոր կիղիցիկներուն մէջ դուք կը տեսնէք փշակաղնի ծառը: Կիղիցիկներուն մէջ երեւցող փշակաղնին անձեռմխելի է ու կը պաշտպանուի տարածքին մէջ ապրոց ոգեղէն սուրբի մը՝ Կիղիցիկ պապուկին կողմէ: Ոչ ոք այս ծառը հատել կը մտածէ, ոչ ոք անկէ ցախ կը կտրէ անասուններուն կամ թոնիրի համար: Մեղք ունի, պաշտելի է: Ի դէպ, սրբավայրերու մէջ երեւցող փշակաղնին անձեռնմխելի է ոչ միայն հայոց կողմէ․ ալեւիներն ալ իրենց սրբավայրերուն մէջ կը պահեն ու կը պահպանեն այդ ծառը։

Գիւղի տարեցներէն Սիրվարդ Աբէլեանը, ծնեալ Չէլէպեան, կը պատմէր (1980-ին), թէ իր մեծ հօր հայրը՝ Ստեփանոս անուն, եղած է մատռան վերջին եկեղեցականին՝ Տէր Ստեփանոսի մտերիմ բարեկամը։ Իբր Տէր Ստեփանոս կը ցաւի եղեր իր խեղճացած հօտին ու անշքացած եկեղեցւոյ համար։ Ան խնդրած է գիւղացի Ստեփանոսէն, թէ «երբ մեռնիմ, զիս եկեղեցւոյ դուռը թաղեցէք»։ Սուրբ մարդ նկատուած է Տէր Ստեփանոսը։ Ծերունի հոգեւորականը կ’անյայտանայ: Գիւղացիք ի զուր կը փնտռեն զինք երկար ժամանակ: Տէր Ստեփանոսէն ետք մատուռը ուրիշ եկեղեցական չ՛ունենար։ Կը լքուի, բայց իր սրբութիւնը չի կորսնցներ, ուխտատեղի կը դառնայ։ Շէնքը կը փլի։ Գիւղը մեծամասնութեամբ աւետարանական կը դառնայ․ աւետարանական եկեղեցին կը կառուցուի 1899-ին։
Ժողովուրդին մէջ հաւատք կայ, թէ Ստեփանոս քահանան ոգեղինացած դեռ կ՛ապրի այդ սուրբ վայրին մէջ, ուր ոմանց կը յայտնուի քունի ընթացքին, կը ճանչցուի Կիղիցիկ Պապուկ անունով։
Անասուններու համաճարակէ ու այլ հիւանդութիւններէ վախցած գիւղացիք իրենց այծերու հօտերը կը քշէին ուխտատեղի։ Խորանին պատուանդանին վրայ ցատկող առաջին կենդանին մատաղցու կ՛ընտրէին ու տեղւոյն վրայ կը զենէին։ Ասիկա հօտը հիւանդութիւններէ կը փրկէր։
Սրբավայրի զօրութեան հաւատացած են նաեւ ալեւիներն ու թուրքմէնները։ Անոնք նախապէս գիւղին կու տային Զիարաթ Քէօյ (սրբավայրի գիւղ) անունը։
Խորանին կից գտնուող փշոտ կաղնին այժմ վիթխարի ծառ է, պատատուկը փաթթուեր է ցօղունին։ Աճման ընթացքին խորանի պատը հետզհետէ մնացած է ցօղունին մէջ։ Անոր մէջ կիսովին թաղուած քանի մը քարեր տակաւին կ՛երեւին։ Մէկուն տակ գոյացած խոռոչին մէջ ուխտաւորներ մետաղադրամներ կը դնեն, իսկ ծառին տակ ուխտի աքլորներ կը մորթեն։