image

Յեղափոխութիւնէն ի վեր 783 դիւանագիտական անձնագիր բաժնուած է

Յեղափոխութիւնէն ի վեր 783 դիւանագիտական անձնագիր բաժնուած է

Այս պահուն 1127 անձ ունի գործող դիւանագիտական անձնագիր։ Այս մասին ԼՈՒՐԵՐ․com-ի հարցումին ի պատասխան կը յայտնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան պետը։

Այն հարցին, թէ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան քանի՞ քաղաքացի դիւանագիտական անձնագիր ստացած է եւ քանի՞ անձ զրկուած է անկէ, ան պատասխանած է․ «2018-ի մայիսէն մինչեւ օրս ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տրամադրած է 783 դիւանագիտական անձնագիր, անվաւեր յայտարարած 425 դիւանագիտական անձնագիր»։

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք նոր իշխանութիւնը որոշած էր դիւանագիտական անձնագրէն զրկել շարք մը անձեր։ 2018-ի կէսերուն, 254 անձ զրկուելէ ետք դիւանագիտական անձնագիրներէն, անոնց շարքերը նորեր գրաւած են։

Եւ մասնաւորապէս այն ժամանակ, փոխ արտաքին գործոց նախարար Ռուբէն Ռուբինեան ըսած էր, որ «աջուձախ բաժնուած դիւանագիտական անձնագիրներու հարցը պիտի լուծուի շատ մօտ ժամանակին, բոլոր այն մարդիկ, որոնք տրամաբանօրէն պէտք չէ ունենան դիւանագիտական անձնագիրներ, այդ դիւանագիտական անձնագիրները չեն ունենար»։