Իրանը եւ Սուտանը վերականգնած են դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ դեսպաններ նշանակած։
Երկու երկիրները դեսպանութիւնները փակած էին 2016 թուականին, երբ Սուտանը միացած էր Եմէնի հուսիներու դէմ դաշինքին։
Իրանն ու Սուտանը յարաբերութիւններու վերականգնման բանակցութիւնները սկսած էին 2023 թուականին։ Լրատուամիջոցները կը գրէին, որ Սուտանն Իրանէն Անօդաչու սարքեր կը ստանայ, սակայն 2024 թուականի մարտին Սուտանը հերքած էր Թեհրանէն ռազմական օգնութիւն ստանալը։