Ի ցի՜ւ, թէ Յակոբ Չոլաքեանը վառ օրինակ դառնայ այն մեծ նուիրումին, որուն ճակատին վրայ գրուած է «Հայ ուսուցիչ» եւ գուցէ երէկուայ այս հանդիսութիւնը խթան դառնայ, որ մենք ազգովին արժէւորենք այն նուիրեալները, որոնք ասոր կամ անոր տուրք տալու համար չեն գործած ու չեն գործեր, որոնք միայն ապրուստ մը վաստկելու համար ուսուցչութեամբ չեն զբաղիր, այլ կու տան իրենց եսէն, կու տան իրենց հոգէիէն ու ամենակարեւորը կը սիրցնեն այն նիւթը, որուն մատակարարն են։
Երեւանի ԱՀԱԸ-ի սիրելի յարկին տակ եւ կազմակերպութեամբ Քեսապցի եւ Մուսալեռցի հայրենաբնակ երիտասարդներու տեղի ունեցաւ մեզմէ շատերուս յայտնի անուն հանդիսացող Յակոբ Չոլաքեան մեծարման երեկոն։
Յակոբ Չոլաքեանի անունին առաւելաբար ծանօթ եղայ հայրենադարձուելէս ասդին, երբ ան տարբեր առիթներով յատկապէս Քեսապի գրաւումէն ետք սկսաւ հանդէս գալ եւ խօսիլ հայկական այդ բնակավայրին մասին։
Ինչ մեղքս թաքցնեմ, իրապէս չէի գիտեր, որ այս պարզ ու անկեղծ «զինուորը», մշակոյթի մարդը եւ տառ ու տիպի նուիրեալը այսքան կարեւոր աւանդ մը ունի։ Յիսունէ աւելի աշխատութիւններ, գիրքեր, յօդուածներ եւ հանրային ելոյթներ։ Ասոնցմէ ամէնէն աւելի կարեւորը անշուշտ Հայ Ուսուցիչ կոչումն է, որ Չոլաքեան արդարօրէն վաստակած ու մեծարած է։
Վաստակած է իր աշխատասիրութեամբ եւ մեծարած է մեզ ու հայ դպրութիւնը ըսելով, ու ապրելով այն փաստով, որ ուսուցչութիւնը սոսկական ասպարէզ մը չէ, այլ նուիրում է, սէր է, կապուածութիւն է եւ մեր արժէքային համակարգի հոգեւոր շէնքին մէջ լոյս սփռելն է։
Անոր նուիրման մասին երկար կարելի է գրել, մանաւանդ այսօրուայ «մարդուժի սով»ի ժամանակներուն, երբ ունինք հսկայ եւ գեղակերտ շէնքեր, երբ ունինք մեծակերտ ու շէնշող վարժարանի շէնքեր, եւ սակայն ասոնց կողքին իրողապէս կը տագնապինք իրաւ ուսուցիչներու պակասէ...
Թող այս մէկը վիրաւորանք չհամարուի, բայց եւ այնպէս կարեւոր խնդիր է մանաւանդ սփիւռքի մէջ։
Գուցէ Յակոբ Չոլաքեանը վառ օրինակ պէտք է դառնայ այն մեծ նուիրումին, որուն ճակատին վրայ գրուած է «Հայ ուսուցիչ» եւ գուցէ երէկուայ այս հանդիսութիւնը խթան դառնայ, որ մենք ազգովին արժէւորենք այն նուիրեալները, որոնք ասոր կամ անոր տուրք տալու համար չեն գործած ու չեն գործեր, որոնք միայն ապրուստ մը վաստկելու համար ուսուցչութեամբ չեն զբաղիր, այլ կու տան իրենց եսէն, կու տան իրենց հոգէիէն ու ամենակարեւորը կը սիրցնեն այն նիւթը, որուն մատակարարն են։
Ոսկեայ օղակ է Յակոբ Չոլաքեանը եւ անոր կեանքն ու համակ ապրումը մեզի համար պէտք է դառնայ ուսանելի եւ պաշտամունքի առարկայ։
Նիւթը՝ Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն