24 Ապրիլ 2024֊ին, Քեսապի մէջ պատշաճ հանդիսութեամբ մը ոգեկոչած են Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը, օրուայ խորհուրդ ունենալով՝ «Վերանորոգ կամքով դէպի յառաջ» նշանաբանը։
Հանդիսութեան աւարտին, Հայ երեք համայնքներու հոգեւորականներու գլխաւորութեամբ ժողովուրդը ուղղուած է դէպի Մեծ Եղեռնի յուշակոթող՝ ուր տեղի ունեցած է ծաղկեմատոյց։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն:
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը ամբողջութեամբ։
Կազմակերպութեամբ Քեսապի Հայ երեք համայնքներուն եւ մասնակցութեամբ Քեսապահայ միութիւններուն՝ Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024֊ի կէսօրուան ժամը 12:00֊ին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւն՝ Քեսապի Հայ Աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիէն ներս, նշանաբան ունենալով՝ «Վերանորոգ Կամքով Դէպի Յառաջ» խորագիրը:
Օրուան բանախօսն էր Տիար Եսայի Հաւաթեան։
Յայտագրի ընթացքին նաեւ իրենց բաժինը բերին Քեսապի երեք հայ համայնքներու հոգեւոր հովիւներ։
Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան
Գերպ. Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան
Պատուելի Շանթ Ակիշեան
Յայտագիր կ'ընդգրկէր՝ մեներգներ, ասմունքներ, կենդանի պատկեր եւ տեսերիզի ցուցադրութիւն:
Սոյն ձեռնարկէն անմիջապէս ետք, գլխաւորութեամբ Քեսապի Հայ երեք համայնքներու հոգեւորականներուն ու Հ.Մ.Ը.Մ.֊ի շեփորախումբին, ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Մեծ Եղեռնի յուշակոթող՝ ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց եւ կարճ արարողութիւն մը՝ յիշելու եւ յարգելու աւելի քան 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակները:
Ոգեկոչումը իր աւարտին հասաւ "Կիլիկիա" Մաղթերգով: