image

Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակի յոբելեանին ընդառաջ ոգեկոչման ձեռնարկ՝ Փարիզի նշանաւոր Գոնտորսէ վարժարանին մէջ

Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակի յոբելեանին ընդառաջ ոգեկոչման ձեռնարկ՝ Փարիզի նշանաւոր Գոնտորսէ վարժարանին մէջ

Օրերս, Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակի յոբելեանին ընդառաջ, Փարիզի նշանաւոր Գոնտորսէ երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզ հրապարակուող «Նոր Յառաջ»էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Մայիս 21-ին, Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակի յոբելեանին ընդառաջ, Փարիզի նշանաւոր Գոնտորսէ երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը, նուիրուած մեծ արուեստագէտի յիշատակին։ Ներկայ էին դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, 9-րդի քաղաքապետ Տելֆին Պիւրքլի, վարժարանին տնօրէնը, ուսուցչական կազմն ու շարք մը դասարաններու աշակերտներ։

Վերջիններս մեծ ոգեւորութեամբ ներկայացուցին Ազնաւուրի կեանքն ու գործունէութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Անոնք ինկան» ստեղծագործութիւնը, հանդէս եկան երաժշտական եւ պարային կատարումներով։