image

Ո՞վ կը փրկէ արտաքսման վտանգին տակ գտնուող Շուէտ հաստատուած լիբանանցիները

Ո՞վ կը փրկէ  արտաքսման վտանգին տակ  գտնուող  Շուէտ  հաստատուած  լիբանանցիները

«Ալ Ժումհուրիյէ» թերթին մէջ Ռուպա Մունզէր անդրադարձած է Շուէտի մէջ լիբանանցիներու դիմակայած խնդիրներուն, որոնք օր ըստ օրէ կ'աճին եւ լիբանանցիները կը զրկեն իրենց նուազագոյն իրաւունքներէն, որոնցմէ է բժշկական օգնութիւն ստանալու խնդիրը:

Յօդուածագիրը պատմելով շարք մը լիբանանցիներու անհատական խնդիրները մէջբերած է  մեծահասակ  Պըշարա Ուահիպիի մասին, որ 15 տարի առաջ տեղափոխուելով Շուէտ, ապաստան խնդրած է, իսկ այսօր  պետական  մարմիններ  որոշած են  է զինք երկրէն արտաքսել, անել կացութեան մատնելով անօգնական ծերունին: Ռուպա Մունզէր հռետորական հարց կ'ուղղէ, թէ ո՞ւր պէտք է ուղղուի Պըշարա, նկատի ունենալով մանաւանդ Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, թէ Լիբանան պիտի չընդունի զանոնք:

Յօդուածագիրը շեշտած է, որ երկար տարիներէ ի վեր Շուէտի մէջ բնակութիւն հաստատած լիբանանցիները նոյնքան հարկեր ու տուրքեր կը վճարեն, որքան երկրի քաղաքացիները, անոնց զաւակները շուէտական հասարակութեան մէկ մասնիկը դարձած են, տիրապետած են լեզուին, ու յանկարծ կառավարութիւնը որոշած է, որ անոնք պէտք է Լիբանան վերադառնան, որովհետեւ վերջինս վերագտած է իր երբեմնի խաղաղութիւնը, անոնց փոխարէն ապաստան տրամադրելու համար այն փախստականներուն, որոնց երկիրները ներկայիս պատերազմական իրավիճակի մէջ են:

Այսպիսով, լիբանանցի փախստականները մէկ օրուան մէջ զրկուեցան Շուէտի կառավարութեան տրամադրած մարդասիրական օգնութիւններէն, բժշկական ծառայութիւններէն, մինչդեռ այլ երկիրներէ ժամանակ փախստականներ բոլորովին այլ վերաբերմունքի կ'արժանանան, ու առանց աւելորդ ջանքերու, անոնց կը տրամադրուի կեցութեան իրաւունք եւ այլ օգնութիւններ:

Լիբանանցիներէն շատեր, ըստ յօդուածագիրին, զրկուեցան իրենց կեցութեան եւ բժշկական քարտերէն, ոմանք անգամ դուրս դրուեցան իրենց բնակարաններէն, աշխատատեղերէն, զրկուեցան ուսում ստանալու իրաւունքէն, եւ որեւէ պահու ենթակայ են ձերբակալութեան, իրենց անձը հաստատող փաստաթուղթ չունենալու պատճառով: Իրավիճակն այնքան ողբերգական է, որ բժշկական օգնութիւնը կասեցնելը պատճառ դարձաւ 77-ամեայ Թանէոս Քարամի մահուան:

Ռուպա Մունզէր «Օգնեցէ'ք մեզի» բառերով կ'եզրափակէ յօդուածը: