image

Իսրայէլ հարուածած է Լիբանանի հիւսիսը գտնուող փախստականներու բնակավայր, զոհուած է 30 մարդ

Իսրայէլ հարուածած է Լիբանանի հիւսիսը գտնուող փախստականներու բնակավայր, զոհուած է 30 մարդ

Իսրայէլեան օդուժը հարուածած է Լիբանանի հիւսիսը գտնուող Այն-Եաքուպ բնակավայրի շինութիւններէն մէկը, ուր կը բնակին լիբանանցի եւ սուրիացի փախստականներ, այս մասին յայտնած են լիբանանեան լրատուամիջոցները։ Նախնական տուեալով՝ զոհուած է 30 մարդ։

Լիբանանէն ալ մօտ 200 հրթիռ արձակուած է Իսրայէլի ուղղութեամբ: Նաւահանգստային Հայֆա քաղաքին մէջ հրդեհներ բռնկած են, կան տուժածներ:

Միաժամանակ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է՝ Լիբանանի մէջ հրադադարի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ առաջընթաց կայ, եւ այնուհանդերձ «Հըզպալլա»ի դէմ պատերազմը պիտի շարունակուի: Կետեոն Սաարը նշած է, որ Ռուսիան ալ կրնայ դերակատարում ունենալ՝ դադրեցնելով Սուրիոյ միջոցով «Հըզպալլա»ի վերազինումը: Շարժումը, սակայն, յայտարարած է, որ զինադադարի մասին որեւէ նոր առաջարկ չէ ստացած, նախազգուշացուցած է՝ բաւարար պաշարներ ունի երկարաժամկէտ պատերազմի համար: