image

Ուրուկուայի մէջ. Հայաստանի մասին պատմող լուսանկարչական ցուցահանդէս

Ուրուկուայի մէջ. Հայաստանի մասին պատմող լուսանկարչական ցուցահանդէս

Մոնթեվիտէոյի կեդրոնական եւ զբօսաշրջային թաղին մէջ (Հին քաղաք) բացուած է Հայաստանի մասին պատմող լուսանկարչական ցուցահանդէս, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Յունուարի վերջը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, Յունուար 1-ին Մոնթեվիտէոյի կեդրոնական եւ զբօսաշրջային թաղին մէջ (Հին քաղաք) բացուած է Հայաստանի մասին պատմող լուսանկարչական ցուցահանդէս:

Լուսանկարները կը ներկայացնեն Հայաստանի լաւագոյն տեսարժան վայրերը՝ հակիրճ նկարագրութեամբ:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Յունուարի վերջը։