image

Ուքրանիան դէպի փլուզո՞ւմ

Ուքրանիան դէպի փլուզո՞ւմ

Ուքրանիան կ'ապրի լուրջ ճգնաժամ, որ կրնայ յանգեցնել երկրի փլուզման: Այս մասին յայտարարած է երկրի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր՝ Եւկենի Մուրաեւ, գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը:

«Հիմա մենք ունինք պիւտճէի ձեւաւորման հսկայական ճգնաժամ, ունինք բժշկական ճգնաժամ եւ կրթական ճգնաժամ: Հիմա ուժաբանական ոլորտի խելայեղ ճգնաժամ կը ձեւաւորուի»,-ըսած է Մուրաեւ:

Մուրաեւ մեղադրած է իշխող «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութիւնը երկիրը փոսի մէջ ձգելու համար եւ զգուշացուցած է, որ քանի մը ամիս անց Ուքրանիոյ մէջ կրնան զանգուածային փողոցային բողոքներ տեղի ունենան:

«Եթէ աշնան այս դուրս գայ փողոց, մեր բոլոր հարեւանները այստեղ փող եւ միջոցներ կը ներդնեն, որպէսզի «Ուքրանիա» նախագիծը աւարտի», - զգուշացուցած է ան:

Քաղաքական գործիչը ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ փլուզումը ձեռնտու կ'ըլլայ բոլոր հարեւաններուն:

«Իրենց տարածքները կ'ուզեն ե՛ւ լեհերը, ե՛ւ հունգարացիները ե՛ւ ռումանացիները եւ ռուսերը»,-եզրափակած է Մուրաեւը: