image

Ռուսիան, Ուքրանիան եւ ԱՄՆ-ը այսօր առաջին եռակողմ բանակցութիւնները պիտի վարեն

Ռուսիան, Ուքրանիան եւ ԱՄՆ-ը այսօր առաջին եռակողմ բանակցութիւնները պիտի վարեն

Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու բանագնացներն այսօր առաջին անգամ եռակողմ բանակցութիւններ պիտի վարեն Ապու-Տապիի մէջ։

Քրեմլը հաստատած է, որ ռուս պաշտօնեաները պիտի մասնակցին բանակցութիւններուն՝ նախօրէին նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի՝ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք։

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովն ըսած է, որ բանակցութիւնները «առարկայական, կառուցողական եւ շատ անկեղծ» էին, բայց վերահաստատած է, որ կայուն խաղաղութեան համար որեւէ համաձայնագիր հնարաւոր պիտի չըլլայ առանց տարածքային հարցերու լուծման։

«Մինչեւ դա չհասնի, Ռուսաստանը կը շարունակի հետեւողականօրէն հետապնդել յատուկ ռազմական գործողութեան նպատակները», –ըսած է ան։

Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին քննադատած է եւրոպացի դաշնակիցները Ռուսիոյ դէմ գործողութիւններ ձեռնարկելու «քաղաքական կամքի» բացակայութեան համար։

Տաւոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումէն ետք Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին նաեւ յստակեցուցած է, որ Արեւելեան Ուքրանիոյ տարածքներու ապագայ կարգավիճակը կը մնայ չլուծուած հարց Ապու Տապիի մէջ կայանալիք բանակցութիւններէն առաջ։

«Ամէն ինչ կը վերաբերի հողին։ Սա այն հարցն է, որ դեռ լուծուած չէ», –Տաւոսի մէջ լրագրողներուն ըսած է Զելենսքին՝ աւելցնելով, որ «ոչ միայն Ուքրանիան, ռուսերը եւս պէտք է պատրաստ ըլլան փոխզիջումներու»։

Տարածքային խոչընդոտներու շարքին է Ռուսիոյ պահանջը, որ Ուքրանիան հրաժարի Տոնեցքի մարզի 25%-էն, որ դեռ կը վերահսկէ Քիեւը։