image

Ոսկերիչներու միութեան տնօրէնը կը զգուշացնէ սուրիացիները

Ոսկերիչներու միութեան տնօրէնը կը զգուշացնէ սուրիացիները

Սուրիոյ մէջ մէկ շաբթուան ընթացքին ոսկիի մէկ կրամի արժէքը 2400 լիրա նուազած է, կը գրէ «Շամ Թայմզ» լրատուական կայքը:

Այս առթիւ ոսկերիչներու միութեան նախագահ Ղասսան Ճազմաթի նշած է, որ ոսկիի արժէքի նուազումէն ետք քաղաքացիները սկսած են վաճառել իրենց մօտ գտնուող ոսկեղէնը, վախնալով, որ այն կրնայ աւելի արժեզրկուիլ:

Ճազմաթի նշած է նաեւ, որ ոսկին միակն է, որ զգալիօրէն արժեզրկուեցաւ տոլարի արժեզրկման հետ, որովհետեւ անոր արժէքը անմիջականօրէն կապուած է տոլարի փոխարժէքին հետ:

Ճազմաթի միաժամանակ քաղաքացիներուն խորհուրդ տուած է չվաճառել իրենց ոսկեղէնը, անգամ նման պայմաններու մէջ, որովհետեւ տեղի ունեցածը կապուած է ռազմական իրավիճակին հետ:

Ինչ կը վերաբերի ոսկերիչներուն, Ճազմաթի շեշտած է, որ վերջիններս պիտի չազդուին ոսկիի արժէքի նուազումէն, որովհետեւ անոնց շահը պիտի մնայ անխախտ, այսինքն՝ 200 լիրա իւրաքանչիւր կրամի համար: