image

Յունաստան. Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Վ. Մարագոսի այցը՝ Աթէնքի Առաջնորդարան

Յունաստան. Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Վ. Մարագոսի այցը՝ Աթէնքի Առաջնորդարան

Օրերս Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար՝ Վ. Մարագոսի այցելեց Աթէնքի Հայոց Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպիսկոպոս Առաքելեանի, ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատար Միսաք Յովսէփեանի, Յունաստանի հայերու միութեան եւ Թեմական խորհուրդի անդամներուն կողմէ:

Սոյն այցին մասին «Արեւելք» իմացաւ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

 

6 Յունիս, 2025-ին Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպիսկոպոս Առաքելեան,ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատար Միսաք Յովսէփեան, Յունաստանի հայերու միութեան եւ Թեմական խորհուրդի անդամներ, հիւրընկալեցին Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Վասիլիս Մարագոսին, Աթէնքի Հայոց Առաջնորդարանին մէջ։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան ԵՄ–Հայաստան յարաբերություններուն, յատկապէս ՀՀ սահմանային անվտանգութեան ապահովման գործընթացին ԵՄ ներգրաւուածութեան, ինչպէս նաեւ ՀՀ քաղաքացիներու համար ԵՄ երկիրներու մուտքի արտօնագիրներ ստանալու գործընթացի առկայ դժուարութիւններուն մասին։

Քննարկուեցան նաեւ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան նշանակութիւնը եւ ՀՀ քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման կարելիութեան հարցը։

Պարոն դեսպանը հաճելիորեն զարմացուց ներկաներուն՝ ցուցաբերելով հայերէնով հաղորդակցելու կարողութիւնը։ Այս առիթով Խորէն Եպիսկոպոս Առաքելեան անոր նուիրեց իր հեղինակած գիրքը՝ «Բիւզանդական եկեղեցւոյ հարցում - մեղադրանքները եւ մեր Եկեղեցւոյ Հայրերուն պատասխանները» վերնագրով, ի նշան երախտագիտութեան ու ջերմ բարեմաղթանքներու։