Վարչապետի այսօրուան որոշմամբ, Արմէն Աբազեան ազատուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնի պաշտօնէն։
«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքի 9-րդ յօդուածի 5-րդ մասով եւ «Ազգային անվտանգութեան մարմինների մասին» օրէնքի 4.1-ին յօդուածի 2-րդ մասով՝
1. Արմէն Աբազեանին ազատել ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնից:
2. Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պարտականութիւնների կատարումը ժամանակաւորապէս վերապահել ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ Անդրանիկ Սիմոնեանին»,- ըսուած է որոշման մէջ։
Նշենք, որ Արմէն Աբազեան ԱԱԾ-ի տնօրէն նշանակուած էր 8 նոյեմբեր, 2020-ին։