image

Ֆրեզնո. Անդուլ ճիգերովը Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան պիտի բարձրացուի «Մուսա Լերան» նորակերտ յուշարձանը

Ֆրեզնո. Անդուլ ճիգերովը Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան պիտի բարձրացուի «Մուսա Լերան»  նորակերտ յուշարձանը

Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնո քաղաքին մէջ յառաջիկայ օրերուն բացումը պիտի կատարուի Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած նորակերտ յուշահամալիր մը։

«Արեւելք» ասոր մասին տեղեկացաւ Ֆրեզնոյաբնակ մեր հայրենակիցներէն, որոնք յուշարձանի բացման մասին արտայայտուելով նկատել տուին, որ նորակերտ յուշարձան մը տեղադրելու գաղափարին մէջ նախ եւ առաջ պէտք է փնտռել անցեալի դասերէն ու պայքարէն դասեր քաղելու իրական պատեհութիւնն ու նպատակը։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ այս ամսուայ աւարտին տեղի ունենալիք յուշարձանի բացման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան ու արարողութեանց նախագահեն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան զոյգ թեմերու առաջնորդ սրբազան հայրերը եւ այդ մասին ալ պիտի անդրադառնանք օրին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան այս առթիւ խմբագրութեանց յղուած հաղորդագրութիւնը։

Միացեալ Նահանգներու Ֆրէզնո քաղաքի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան վարչութիւնը ծրագրեց կառուցել մուսալեռցիներու յաղթանակի եւ փրկութեան խորհրդանիշը հանդիսացող Մուսա լերան հերոսամարտի պատմական յուշարձանին կրկնօրինակը:

Այն յուշարձանը որ մեզ պիտի տանի յետադարձ ակնարկով դէպի մեր ուխտի իսկական ակունքները եւ ուր պիտի պայծառակերտուին պատմական Մուսա Լեռը, անոր հերոս ժողովուրդը, բարբարոս թուրքը, Մովսէս Տէր Գալուստեանը եւ զինուորական մարմինը, 40 օրերու հերոսամարտը, 18 նահատակները, «Կարմիր խաչ»ի դրօշը, «Կիշէն» մարտանաւը եւ Տարդիժ Տիւ Ֆուռնիէն, բայց ամէնէն կարեւորը՝ Մուսա լեռցիին աննկուն կամքը եւ ապրելու վճռակամութիւնը։

Յուշարձան մը որ կը խորհրդանշէ պատիւ ու յարգանք բոլոր անոնց, որոնք հայ մարդու ազատութեան ու հայրենիքի փրկութեան համար։ ՚

Մուսա լերան այս յուշարձանը անցեալ մը ըլլալէ աւելի, ապրող ներկայութիւն է եւ թող որ ան զգաստ պահէ նոր սերունդը համայն սփիւռքի մէջ, ի յիշատակ խիզախ եւ ազգանուէր հերոսներուն եւ յուշէ.- «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին»: