image

Վիքթորիա Աբրահամեանին Լաւագոյն աւարտաճառի մրցանակը

Վիքթորիա Աբրահամեանին Լաւագոյն աւարտաճառի մրցանակը

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ Յուլիս 2020էն Մայիս 2023ի միջեւ հայագիտական նիւթով լաւագոյն աւարտաճառի մրցանակը պիտի յանձնուի դոկտ.Վիքթորիա Աբրահամեանին, որուն ուսումնասիրութիւնը նուիրուած է ֆրանսական տիրապետութեան օրերուն սուրիոյ հայ գաղթականներուն վիճակին (Between the Homeland and the Hostland: (Re)Claiming the Armenian Refugees in French Mandatory Syria, 1918-1946)։

Մրցանակին կ՛ընկերանայ 1000 տոլար նուէր մը։

Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան դոկտ. Ճենիֆըր Մանուկեանի (In Search of Purity: Language, Ideology and Global Intellectual Movements in Ottoman Armenian History, 1750-1915) եւ դոկտ. Նորա Լեսըրսոնի (The Sultan of New York: Instructive Entertainment and Ottoman Armenian Politics in Nineteenth Century America (1818-1895)) աւարտաճառերը։

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։