image

Սուրիան ռազմական միջամտութիւն պիտի չկատարէ Լիբանանի մէջ․ նախագահ Շարըհ

Սուրիան ռազմական միջամտութիւն պիտի չկատարէ Լիբանանի մէջ․ նախագահ Շարըհ

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհ յայտարարած է, որ իր երկիրը Լիբանանի մէջ որեւէ ռազմական միջամտութիւն պիտի չկատարէ։ Այս մասին Շարըհ խօսած է Al Jazeera-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

 

Ան նշած է, որ Սուրիա կը փորձէ կարելիութիւն ընձեռել Լիբանանին՝ կատարելու «Հըզպալլա»-ն զինաթափելու իր պարտաւորութիւնները, միաժամանակ ապահովելով, որ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը բացասաբար չանդրադառնայ Սուրիոյ վրայ։

Շարըհ յայտնած է, որ կը կողմ է Լիբանանի պետական հաստատութիւններու հզօրացման, եւ որ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է հիմնուին օրէնքի գերակայութեան վրայ։

Ժոլանի բարձրունքներուն վերաբերեալ Սուրիոյ նախագահը նշած է, որ Սուրիա պատրաստ է Իսրայէլի հետ հետագայ քննարկումներու, սակայն շեշտած է, որ Իսրայէլ պէտք է նահանջէ մինչեւ 1974 թուականի անջատման գիծերը։

«Մենք կը փորձենք հասնիլ անվտանգութեան համաձայնագիրի եւ ներգրաւել բազմաթիւ երկիրներ՝ Իսրայէլի վրայ ճնշում գործադրելու համար, եւ կը խուսափինք բախումներէ եւ անիմաստ հակամարտութիւններէ։ Եթէ անվտանգութեան համաձայնագիրը յաջողի, եւ Իսրայէլ յարգէ զայն, ապա այդ ճանապարհ պիտի հարթէ համապարփակ խաղաղութեան երկրորդ փուլին՝ առանց բռնագրաւեալ Ժոլանի բարձունքներու նկատմամբ Սուրիոյ իրաւունքներէն հրաժարելու», ըսած է նախագահը։

 

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը Ժոլանի բարձունքները կը նկատէ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած տարածք։ Անոնք մինչեւ 1967 թուականը Սուրիոյ ալ-Քունէյթրա նահանգին մաս կը կազմէին։ 1967 թուականի Վեցօրեայ պատերազմի ընթացքին Ժոլանի բարձունքները անցան Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ։