image

Վերջ տալ իսրայէլեան գրոհներուն. նախագահ Ապպաս

Վերջ տալ իսրայէլեան գրոհներուն. նախագահ Ապպաս

Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան անյապաղ քայլերու ձեռնարկել՝ դադրեցնելու համար Իսրայէլեան ուժերու եւ իսրայէլացի զինեալ վերաբնակիչներուն կողմէ գրաւեալ Արեւմտեան Ափին վրայ իրականացուող յարձակումներու աճը։ Այս մասին նշուած է Պաղեստինի նախագահական գրասենեակի հրապարակած յայտարարութեան մէջ։

Նախագահ Ապպաս նամակներ յղած է արաբական եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու առաջնորդներու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան, Արաբական երկիրներու Լիկայի ընդհանուր քարտուղարին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահին եւ ՄԱԿ-ի մօտ Պաղեստինի Պետութեան առաքելութեան՝ նշելով, որ բռնագրաւուած պաղեստինեան տարածքները «վտանգաւոր սրման» ականատես կ՚ըլլայ։

 

«Այս յարձակումները հարիւրաւոր անմեղ զոհերու պատճառ դարձած են քաղաքացիական բնակչութեան շարքերէն, ինչպէս նաեւ յանգեցուցած են գոյքի ոչնչացման, բնակարաններու, կրօնական վայրերու, ծառերու եւ գիւղատնտեսական հողերու այրման», -նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Իսրայէլի քաղաքականութիւնը միտումնաւոր կերպով կը խաթարէ երկու պետութիւններու սկզբունքով հիմնուած կարգաւորման հնարաւորութիւնը եւ կը սպառնայ տարածաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան։

Նախագահը միջազգային դերակատարներուն կոչ ըրած է «գործադրելու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերը, յատկապէս թիւ 2334 բանաձեւը, որ կը հաստատէ գրաւեալ պաղեստինեան տարածքներուն մէջ իսրայէլեան բնակավայրերու անօրինականութիւնը, եւ ապահովելու միջազգային պաշտպանութիւն պաղեստինեան ժողովուրդին համար»։

 

«ԹԱՍՍ» լրատուական գործակալութիւնը, վկայակոչելով իսրայէլեան զինուորական աղբիւրը, հաղորդած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը վերջին երկու օրերու ընթացքին ձերբակալած է 130-է աւելի պաղեստինցիներ, որոնք կը հետախուզուէին Արեւմտեան Ափին մէջ ահաբեկչական գործունէութեան կասկածանքով։

«Անցեալ երկու օրերուն զինուորականները Արեւմտեան Ափին մէջ ձերբակալած են 130-է աւելի հետախուզուող անձեր, որոնց շարքին՝ զէնքի վաճառականներ, «Համաս»-ի անդամներ, բռնութեան դրդման մէջ ներգրաւուած անձեր եւ ահաբեկչական յարձակումներ ծրագրողներ։ Զօրքերը գործողութիւններ կատարած են Արեւմտեան Ափի հարիւրաւոր վայրերու մէջ եւ հարցաքննած են հարիւրաւոր կասկածելիներ», -յայտնած է աղբիւրը։

Պաղեստինեան աղբիւրներու համաձայն, իսրայէլեան ուժերը յուլիս 27-ի առաւօտեան շարունակած են բռնագրաւուած Արեւմտեան Ափի ամբողջ տարածքին մէջ կատարուող յարձակումներն ու ձերբակալութիւնները։ Ըստ տեղեկութիւններուն՝ Նապլուսի հինգ տարբեր հատուածներու մէջ ձերբակալուած է ութ պաղեստինցի։

Յուլիս 24-ին Նապլուսի մօտ հրեայ վերաբնակիչներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ բախում տեղի ունեցած էր, որուն հետեւանքով սպաննուած էին երկու իսրայէլացի եւ չորս պաղեստինցի։ Աւելի ուշ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած էր, որ կը պատրաստուի «լայնածաւալ հակաահաբեկչական գործողութիւններու»։