image

Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, օրերս, մատուցուած է Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ՝ Ս. Խաչ Դպրեվանքի շրջանաւարտներու յիշատակին։ Արարողութեան ընթացքին նշուած է նաեւ եկեղեցւոյ բազմամեայ երաժիշտ Բրշ. Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի սարկաւագ ձեռնադրութեան 50-ամեակը, իսկ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը եկեղեցւոյ նուիրեալ դպիր Լեւոն Չաքմաքին շնորհած է ուրար կրելու արտօնութիւն՝ գնահատելով անոր երկարամեայ եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 14 Յունիս 2026, Կիրակի, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի շրջանաւարտներու բաժակի օրուան առթիւ  մատուցուած Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագին։ Նոյն օրուան կը զուգադիպէր նաեւ եկեղեցւոյ բազմամեայ երաժիշտ Բրշ. Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի սարկաւագ ձեռնադրութեան 50ամեակին նշումը։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ ու եկեղեցւոյ ուրարակիրներ եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս երգչախումբի եւ եկեղեցւոյ Միացեալ Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ, առաջնորդութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սիրուն Սիրունեանի։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինգայա եւ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց եկեղեցւոյ դպիրներէն Լեւոն Չաքմաքի, գնահատելով անոր եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։ Ապա քարոզեց «Հաւատարիմ եղիր ինծի նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք է, եւ ես քեզի կեանքի պսակը պիտի տամ» (Յայտնութիւն Յովհաննու, 2.10) բնաբանով։ Մեր Հոգեւոր Պետը ընդգծեց հաւատարմութեան կարեւորութիւնը, մանաւանդ հոգեւոր արժէքներու պահպանման համար եւ զայն ներկայացուց որպէս գլխաւոր եւ հարկաւոր ազդակը հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու սերունդէ սերունդ փոխանցման ուղղութեամբ։ Շեշտեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի հիմնադրութեան կարեւորութիւնը որ պտուղն էր Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Խաչատուրեան Պատրիարքի հաւատարիմ կեցուածքին։ Երանաշնորհ Պատրիարքը հաւատարմութեամբ իր սրտին եւ հոգիին մէջ պահած էր Արմաշու Դպրեվանքի խորհուրդը եւ սրբազան յամառութեամբ իրականացուցած էր նոյն խորհուրդին մարմնացումը այս անգամ Սկիւտարի բարձունքին։

Նորին Ամենապատուութիւնը  Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ  ընտանիքին խնդրանքին ընդառաջելով օրհնութեան գիր շնորհեց եկեղեցւոյ բազմամեայ ծառայող Բրշ. Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի։ Քարոզէն ետք Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանան  կարդաց օրհնութեան գիրը, որմէ յետոյ մեր Հոգեւոր Պետը իր օրհնութիւնը տուաւ մեծարեալին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուած հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Ս. Խաչ Դպրեվանքի երանաշնորհ վանահայրեր՝ Գարեգին Ա., Շնորհք, Գարեգին Բ. Եւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքները, ի Քրիստոս ննջած տեսուչները, տնօրէնները, ուսուցիչները, բարերաները, սատարողները եւ սաները։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Հանդիսավարն էր համայնքային գործիչ Առլէթ Ինճիտիւզէն։ Ան Թաղային Խորհուրդի անունով արտասանեց բարի գալստեան խօսք մը։ Ջերմօրէն շնորհաւորեց Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանը՝ իր սարկաւագական ձեռնադրութեան 50ամեակին եւ ծննդեան տարեդարձին առիթով, ընդգծելով անոր բազմամեայ ու նուիրեալ ծառայութիւնը Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։

Ինճիտիւզէն, ապա իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ, որ Արշաւիր Սարկաւագի ծառայութեան 50ամեակը գեղեցիկ զուգադիպութեամբ կը միանայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեակին հետ։ Շեշտեց, թէ այդ թիւերուն ետին կանգնած են հաւատք, զոհողութիւն, նուիրում եւ եկեղեցասիրութիւն, որոնք սերունդէ սերունդ փոխանցուած են հայ ժողովուրդին կողմէ։

Յանուն Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին Պատրիարք Հօր ձեռամբ նուիրուեցաւ յուշապնակ մը։ Իրենց սրտի խօսքերով հանդէս եկան Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վարդապետ եւ Բրշ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, որ իր ելոյթը վերջացուց բարեմաղթանքի երգով մը։ Նկատելով որ Արշաւիր Սարկաւագ անցեալին հասած էր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յանուն Ասողիկ Դպրաց Դասու յուշանուէր մը յանձնուեցաւ ձեռամբ Դպրապետ Լեւոն Սրկ. Գույումճեանի եւ Տնօրէն Խորհուրդի Ատենապետ՝ Բրկ. Արդար Կսրկ. Պաղճըի։ Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Բրշ. Արշաւիր Սարկաւագ  որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ բոլոր անոնց որոնք մասնակից եղած էին օրուան հանդիսութեան (Օրհնութեան գիրը եւ Արշաւիր Սարկաւագի սրտի խօսքը պիտի հրատարակենք մեր վաղուայ թիւով, ներքին էջերուն վրայ)։

Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս գնահատելով մեծարեալը եւ շնորհաւորելով Պիւյիւքիշման ընտանիքի անդամները։ 

Ապա, Պատրիարք Հայրը եւ հոգեւորականները անցան Ս. Խաչ լիսէ, ուր տեղի պիտի ունենար «Շրջանաւարտներու օր»ուայ հանդիսութիւնը, իսկ ներկաները շարունակեցին երգերու տակ զուարճանալ։ Բազմաթիւ անձեր անձամբ շնորհաւորեցին յոբելեարը, մաղթելով, որ ան երկար տարիներ եւս առողջութեամբ ու կորովով շարունակէ իր նուիրեալ ծառայութիւնը Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին առջեւ։ Շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Ատենապետ Պերճ Զընկըքի գլխաւորութեամբ տեղւոյն Թաղային Խորհուրդին՝ հաճելի օրուայ համար։