Օրերս, Թօփգաբուի մէջ տեղի ունեցած Լեւոն Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզի տարեվերջեան հանդիսութիւնը վերածուած է ուրախ ու յուզիչ տօնի, ուր փոքրիկները երգերով, պարերով, ոտանաւորներով եւ մանկական խաղերով ներկայացուցած են իրենց ձեռքբերումները։ Հանդիսութեան աւարտին տնօրէնուհի Անիթա Թումաեան շնորհաւորած է սաները՝ մաղթելով անոնց յաջողութիւններով լի ուսումնական ուղի։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Թօփգաբուի Լեւոն Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզի սաները տարեշրջանի աւարտին բեմ ելան գեղեցիկ հանդէսով մը։ Անոնք իրենց խանդավառ ելոյթներով լուսաւորեցին բեմը, ծնողներուն, հիւրերուն եւ պատասխանատուներուն պարգեւելով ուրախ եւ յիշարժան պահեր։ Փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ ներկայացուցին զանազան ոտանաւորներ, մանկական խաղեր, ազգային ու գեղարուեստական պարեր, ինչպէս նաեւ երգեր, որոնք արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատանքին եւ երկարատեւ ծափահարութիւններուն։
Անոնց անմեղ ժպիտներն ու անկեղծ ելոյթները հանդիսութեան հաղորդեցին առանձնայատուկ ջերմութիւն եւ տօնական մթնոլորտ։
Հանդէսի աւարտին վարժարանի տնօրէնուհին Անիթա Թումաեան իր սրտագին գնահատանքն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց փոքրիկներուն՝ մաղթելով, որ անոնք յաջորդ տարիներուն եւս շարունակեն իրենց ուսման ճամբան նոյն ոգեւորութեամբ, յաջողութիւններով եւ լուսաւոր ապագայի վստահ քայլերով։