Մրցանակը յանձնուեցաւ հիմնարկութեան համահիմնադիր Սեւակ Սերոբեանին
Domino Productions ընկերութիւնը արժանացած է GITEX Global-ի շրջանակներուն մէջ տրուած մրցանակի մը՝ Ֆուճէյրաի Թուային Կառավարութեան (Fujairah Digital Government) կազմակերպած «Partners Honoring Ceremony» հանդիսութեան ընթացքին։ Մրցանակը յանձնուեցաւ հիմնարկութեան համահիմնադիր Սեւակ Սերոբեանին։
Սերոբեան իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշած է, որ Domino Productions-ը պատուուած է ըլլալով այս մրցանակաբաշխութեան առաջին տարուան առաջին մրցանակակիրներէն մին։ Ան ընդգծեց, որ ընկերութեան անընդմէջ 3 տարիներու մասնակցութիւնը Ֆուճէյրաի Թուային Կառավարութեան GITEX Global-ի տաղաւարին այսօր կը համարուի, որպէս կարեւոր հանգրուան մը՝ ի նշան նորարարական ստեղծագործ գաղափարներու, ինչպէս նաեւ երիտասարդ ու առաջադէմ հաւաքական նուիրուած աշխատանքի։
Մրցանակը նաեւ կը խորհրդանշէ Domino Productions-ի եւ Ֆուճէյրաի Թուային Կառավարութեան երեք տարիներու յաջող գործընկերութիւնը՝ GITEX Global-ի հարթակին վրայ, ինչպէս նաեւ ընկերութեան ներդրումը Ֆուճէյրաի թուային տեսլականի իրագործման մէջ։ Սերոբեան ընդգծեց, որ Domino Productions կը շարունակէ հպարտութեամբ աջակցիլ այդ տեսլականին՝ ժամանակակից ստեղծագործ լուծումներով եւ նոր սերունդի մասնագէտներով։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ լիբանանահայ արմատներ ունեցող եւ երկար տարիներէ ի վեր Կիպրոս հաստատուած Սեւակ Սերոբեանի անունը ճանչցուեցաւ յատկապէս «Գոհար» արուեստի խումբի (երգչախումբ, պարախումբ եւ նուագախումբ) գործունէութեան տարիներուն։ Ան, իր եղբօր՝ Սարօ Սերոբեանին հետ, «Գոհար»-ի ընդհանուր տնօրէն Տիար Յարութ Խաչատուրեանի կողքին, կը համարուի աշխարհի չորս ծագերուն հայ արուեստը տարածած այդ բացառիկ խմբակի ողնասիւներէն։
Այս գեղեցիկ առթիւ «Արեւելք» Սեւակ Սերոբեանին կը մաղթէ նորանոր յաջողութիւններ իր մասնագիտական եւ ստեղծագործական ուղիին վրայ։

