image

Ազիզ Նեսինի անուան երգիծանքի մրցանակը՝ Ծաղրանկարիչ Յովհաննէս Շաշքալին

Ազիզ Նեսինի անուան երգիծանքի մրցանակը՝ Ծաղրանկարիչ Յովհաննէս Շաշքալին

Ծաղրանկարիչ Յովհաննէս Շաշքալ, որ արուեստի եւ մտքի աշխարհ կը բանայ հայերէն բանաստեղծութիւններու թարգմանութիւններով ու ինքնատիպ ծաղրանկարներով եւ գծանկարներով, արժանացած է Ազիզ Նեսինի անուան երգիծանքի մրցանակին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն։

Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ այս մրցանակը շնորհուեցաւ Իզմիրի երգիծանքի փառատօնի շրջագծով, դառնալով Շաշքալի ստեղծած արուեստի արժեւորումը, ուր երգիծանքը երբեք չի սահմանափակուիր պարզապէս ժպիտով, այլ կը վերածուի մտածելու, բանականութիւնը յառաջ մղելու եւ խղճի հետ խօսելու արտայայտչամիջոցի մը։