Իրաքեան Քիւրտիստանի Իրպիլ քաղաքին մէջ ահաբեկչական դէպք մը գրանցուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Ալ Արապիյա» կայանէն։
Աղբիւրը նշեց, որ ԱԹՍ-ով եղած գրոհը պատճառ հանդիսացած է նիւթական վնասներու։
Դէպքին մասին խօսած է նաեւ Իրպիլի կառավարիչ ՝ Օմիտ Խոշնաու, որ յայտարարած է, թէ գրոհին հետեւանքով մարդկային զոհեր չեն գրանցուած։
Դէպքի պատճառներուն եւ յարձակման ետին կանգնողներուն մասին ցարդ տուեալներ չեն հաղոդուիր։