image

ԱՄՆ եւ Իսրայէլ հարուածած են Խորամապատի միջազգային օդակայանը

ԱՄՆ եւ Իսրայէլ հարուածած են Խորամապատի միջազգային օդակայանը

Իրանի արեւմտեան Լորեստան նահանգի Խորամապատի միջազգային օդակայանը յայտնուած է ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի օդային հարուածներու թիրախ։ Ինչպէս կը հաղորդէ Mehr լրատուական գործակալութիւնը, այս մասին յայտնած է Լորեստանի փոխնահանգապետը։

Զոհերու կամ վնասներու մասին այս պահուն տեղեկութիւններ չկան։

ԱՄՆ-ն եւ Իսրայէլը Իրանի դէմ համատեղ ռազմական գործողութիւն սկսած են Փետրուար 28-էն՝ մեղադրելով Թեհրանը հրթիռային եւ միջուկային ծրագիրները զարգացնելու համար։ Իրանը, հերքելով մեղադրանքները, սկսած է պատասխան հարուածներ հասցնել Իսրայէլին, ինչպէս նաեւ շրջանի երկիրներու մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններուն։ Հարուածներէն տուժած են Քուէյթը, Քաթարը, ԱՄԷ-ն, Սէուտական Արաբիան, Օմանը, Պահրէյնը եւ Իրաքը։