image

Քուէյթի օդուժի ռազմակայանի վրայ Իրանի յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած է 15 ամերիկացի

Քուէյթի օդուժի ռազմակայանի վրայ Իրանի յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած է 15 ամերիկացի

Քուէյթի օդուժի Ալի ալ-Սալեմ ռազմակայանի վրայ Ապրիլ 7-ի գիշերը իրանական անօդաչու թռչող սարքի հարուածի հետեւանքով վիրաւորուած է 15 ամերիկացի։ Այս մասին կը հաղորդէ CBS News-ը՝ վկայակոչելով ԱՄՆ երկու պաշտօնեաներ։

Աղբիւրներէն մէկը յայտնած է, թէ անոնց մեծ մասը վերադարձած է ծառայութեան։

Քուէյթի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը յայտնած է, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին զինուած ուժերը Քուէյթի օդային տարածքին մէջ յայտնաբերած եւ խոցած են 14 պալիստիք հրթիռ, 2 թեւաւոր հրթիռ եւ 46 անօդաչու թռչող սարք։