image

Հայաստանի ԱԺ նախագահն ու Էսթոնիոյ ԱԳ նախարարը հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են TRIPP նախագիծին

Հայաստանի ԱԺ նախագահն ու Էսթոնիոյ ԱԳ նախարարը հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են TRIPP նախագիծին

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան ապրիլի 9-ին հանդիպած է Էսթոնիոյ ԱԳ նախարար Մարկուս Ցահքնայի հետ: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ԱԳ նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն։

Զրուցակիցներու քննարկումներու առանցքը եղած է ինչպէս երկկողմ եւ միջխորհրդարանական կապերուն առնչուող հարցերը, այնպէս ալ ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններուն եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն վերաբերող թեմաները:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ`յատուկ անդրադարձ կատարելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան գործընթացին ու «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (ԹՐԻՓՓ) նախագիծին: