image

«Վերադարձ»ի Մը Ենթագետինը/ Արա Գօչունեան

«Վերադարձ»ի Մը Ենթագետինը/ Արա Գօչունեան

Ան­ցեա­լի մէջ դա­ւա­նա­փոխ կամ կրօ­նա­փոխ ե­ղած հայ ան­հատ­նե­րու, ըն­տա­նիք­նե­րու մե­րօ­րեայ շա­ռա­ւիղ­նե­րուն հա­յու­թեան «վե­րա­դար­ձի» խնդի­րը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը զբա­ղեց­նէ հա­յաշ­խար­հի օ­րա­կար­գը։ Ընդ­հան­րա­ցած բա­նա­ձե­ւու­մով, ծպտեալ հա­յե­րու հար­ցը... Իս­կա­պէս սա­կա­ւա­թիւ են այն նիւ­թե­րը, ո­րոնք հա­յու­թեան բո­լոր հա­տուած­նե­րու հե­տաքրքրու­թեան ա­ռար­կայ են այս աս­տի­ճան, սա­կայն տուեալ պա­րա­գա­յին նուա­զա­գոյն մա­կար­դա­կի վրայ է քոն­սեն­սիւ­սը։

Խնդի­րը բարդ է ու ծանր. միանշա­նակ։ Դար մը ա­ռաջ՝ 1915-ին, կարգ մը հա­յեր ան­հա­տա­պէս կամ հա­ւա­քա­բար ե­ղած են կրօ­նա­փոխ, փո­խած են դա­ւա­նանք՝ Ա­նա­տո­լուի այդ շրջա­նի հա­յաբ­նակ, հա­յա­հոծ գա­ւառ­նե­րուն մէջ փրկուե­լու հա­մար դա­ժան ճա­կա­տագ­րի ող­բեր­գա­կան հե­տե­ւանք­նե­րէն։ Մեծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցին խնդի­րը վերս­տին հա­յու­թեան դի­մաց ծա­ռա­ցած է բա­զում ծալ­քե­րով։ Սա կը վե­րա­բե­րի թէ՛ հե­տե­ւանք­նե­րու յաղ­թա­հար­ման եւ թէ ան­ցեա­լի հա­շիւ­նե­րու եզ­րա­փակ­ման։ Այն, որ նիւ­թը կ՚ա­ռըն­չուի ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ կամ ձե­ւով մը կ՚ա­ծանցուի ա­նոր՝ ին՛չ խօսք, ա­ռա­ւել ծան­րակ­շիռ հան­գա­մանք մը կը վե­րագ­րէ հար­ցե­րուն, ո­րոնք հա­սուն­ցած են վա­ղուց։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ա՛լ ա­ւե­լի նուրբ բնոյթ մը կը ստա­նայ այս խրթին հիմ­նա­հար­ցը, ո­րու դրսե­ւո­րում­նե­րը կը ստեղ­ծեն վե­րի­վայ­րում­ներ։ Ե­րե­ւոյթ, որ կը պա­հան­ջէ հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թիւն։ Ա­մէն ան­գամ, որ այս հար­ցը գե­տի նման վա­րա­րի, քննար­կում­նե­րը կ՚ըլ­լան ա­ւե­լի բուռն։ Նոյ­նը ե­ղաւ նաեւ պա­րա­գան վեր­ջին, թարմ օ­րի­նա­կին շար­ժա­ռի­թով, երբ Հա­մա­հայ­կա­կան 6-րդ խա­ղե­րուն բե­րու­մով Հա­յաս­տան մեկ­նած ե­րեք ծպտեալ հա­յեր չյա­ջո­ղե­ցան մկրտուիլ, հա­կա­ռակ ի­րենց յա­մառ փա­փա­քին։ Ար­ձա­գանգ­նե­րը ե­ղան գրե­թէ ան­նա­խըն­թաց։

Թէ ինչ­պէ՞ս է հար­ցին ընդ­հա­նուր դրուած­քը, ի՞նչ տուեալ­ներ գո­յու­թիւն ու­նին հա­շուի առ­նե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշ­տօ­րէն։ Պարզ է, որ հա­յու­թեան բո­լոր խա­ւե­րը նոյն բա­նը կը տես­նեն այ­սօր՝ նա­յե­լով հա­րիւր տա­րուան վա­ղե­մու­թեամբ ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մայ­նա­պատ­կե­րին։ Անց­նող մէկ դա­րը, ան­շուշտ, չէ ան­հե­տա­ցու­ցած ե­ղեռ­նա­կան դէպ­քե­րուն թո­ղած խոր հետ­քը, բայց ըն­կա­լում­նե­րու կամ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու տար­բե­րու­թիւն­նե­րը նուի­րա­գոր­ծած է եւ հա­յու­թեան բո­լոր հա­տուած­նե­րը հա­սած են հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րի մը։ Այս­տեղ ե­թէ հար­ցը ա­ռա­ջին հեր­թին ան­ցեա­լի մա­սին է, ա­պա ծպտեալ­նե­րու պա­րա­գա­յին՝ ներ­կա­յի եւ ա­պա­գա­յի մա­սին։ Այս է պատ­ճա­ռը, որ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներն ու դի­տար­կում­նե­րը կը տար­բե­րին ի­րար­մէ՝ տե­սան­կիւն­նե­րէ կա­խեալ ձե­ւով։ Ծպտեալ­նե­րու պա­րա­գան էա­պէս տար­բեր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի կամ կը ստա­նայ նա­յած՝ Հա­յաս­տա­նէն, Պո­լի­սէն եւ կամ այլ տե­ղէ մը։ Բո­լո­րը ի­րենց դի­տան­կիւ­նէն կը տես­նեն հար­ցին միայն մէկ ե­րե­սա­կը եւ տա­րա­կոյս չկայ, թէ մաս­նա­կի պատ­կե­րա­ցում­նե­րով ան­կա­րե­լի է տի­րա­պե­տել հար­ցի ամ­բող­ջու­թեան՝ բո­լոր ծալ­քե­րով։

Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այս հար­ցին ա­ռողջ ու հա­մա­պար­փակ լու­ծում մը գտնե­լու, զայն բո­լո­րին հա­մար հա­ւա­սա­րա­պէս ըն­դու­նե­լի հու­նի մը մէջ դնե­լու ա­ռու­մով  գո­յու­թիւն ու­նին եր­կու նա­խա­պայ­ման­ներ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ հար­ցը հնա­րա­ւո­րինս զերծ պա­հել զգա­ցա­կան հար­թու­թե­նէ եւ երկ­րոր­դը՝ խնդի­րը հե­ռու պա­հել շա­հար­կում­նե­րէ։ Այս եր­կու­քը թէեւ ան­բա­ւա­րար են, բայց նաեւ անհ­րա­ժեշտ՝ ա­մէն ինչ սկզբուն­քա­յին մա­կար­դա­կի վրայ դնե­լու եւ ա­ռողջ լու­ծում մը ո­րո­նե­լու հա­մար։ Սա գե­տին պի­տի պատ­րաս­տէ յստակ ու նպա­տա­կաս­լաց չա­փա­նիշ­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման։ Ար­դա­րեւ, միայն ա­նոնց որ­դեգ­րու­մով կա­րե­լի է կան­խել քմա­հա­ճու­թիւն­նե­րը, են­թա­կա­յա­կա­նու­թիւն­նե­րը, նաեւ կրկնա­կի չա­փա­նիշ­նե­րու ա­կա­մայ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտնե­լը։ Սա կամք պար­տադ­րե­լու կամ գործ­նա­կա­նու­թեան հրա­պոյ­րէն տա­րուե­լու ո­լորտ մը չէ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին պի­տի ճշդուին կամ սահ­մա­նուին խա­ղին կա­նոն­նե­րը։ Հայ­կա­կան աշ­խարհն է, որ պի­տի հաս­տա­տէ այդ կա­նոն­նե­րը, իսկ ա­ւե­լի վերջ պի­տի յա­ջոր­դէ ա­ւե­լի դժուար հանգ­րուան մը. ա­ռար­կա­յա­կան ու ա­նա­չառ գոր­ծադ­րու­թիւն, լիար­ժէք հա­ւա­տար­մու­թիւն։

Այս բո­լո­րը կ՚են­թադ­րեն համ­բե­րա­տար գոր­ծըն­թաց մը։ Պէտք չէ ըլ­լալ վա­նող, խտրա­կան, պէտք չէ հե­տա­մուտ ըլ­լալ մե­նաշ­նորհ­նե­րու։ Անհ­րա­ժեշտ է, որ մօ­տե­ցու­մը ըլ­լայ լայ­նա­խա­րիսխ, հե­ռու լո­զունգ­նե­րէ։ Լոկ ե­ղեռ­նէ տու­ժած ըլ­լա­լու չա­փու­մով ա­ռաջ­նոր­դուի­լը կրնայ պատ­ճառ դառ­նալ մա­կե­րե­սայ­նու­թեան։ Այս նիւ­թին վրա­յով ազ­գա­սի­րու­թիւն ա­պա­ցու­ցա­նե­լու ջան­քե­րը խնդի­րը կրնան մատ­նել ամ­բո­խա­վա­րու­թեան փա­կու­ղիին, որ անհ­նա­րին կրնայ դառ­նալ ա­ռողջ լուծ­ման հաս­նի­լը։ Կշիռ­քի նժար­նե­րէն մէ­կուն վրայ՝ որ­պէս գե­րա­կայ ու գե­րակ­շիռ գոր­ծօն, միշտ պէտք է պա­հել հայ­կա­կան նուի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը, սրբա­զան ար­ժէք­նե­րը չա­ժանց­նե­լու ան­վի­ճե­լի հրա­մա­յա­կա­նը։

Նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու պա­րա­գա­յին, հա­ւա­քա­կան կեան­քէ ներս յար­մա­րա­գոյն լուծ­ման հաս­նիլ հնա­րա­ւոր կրնայ ըլ­լալ միայն ի­րա­ւունք­նե­րու եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան մէջ։ Եւ այդ խաչ­մե­րու­կին վրայ այժ­մու դրու­թեամբ ա­ռանց­քա­յին դեր մը կը վի­ճա­կի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Մի­թէ ե՞րբ դիւ­րին ե­ղած է մեր մար­տի­րոս Մա՛յր Ե­կե­ղեց­ւոյ գոր­ծը։ Ա­հա՛ հեր­թա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րէն մի­ն։

«Ժամանակ»                                                                                                                                                                                                                                  ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ    Պոլիս