image

Ֆրանսան կողմ է ԵԱՀԿ Մինսքեան խումբի լուծարման

Ֆրանսան կողմ է  ԵԱՀԿ Մինսքեան խումբի լուծարման

Ֆրանսան կ՚ողջունէ Ուաշինկթընի մէջ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ փաստաթուղթերու ստորագրումը։ Այս մասին ըսուած է Ֆրանսայի ԱԳՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ։ 

«ԱՄՆ աջակցութեան շնորհիւ գրանցուած արդիւնքները կարեւոր քայլ են`դէպի առաջ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շուտափոյթ ստորագրումն ու վաւերացումը պիտի ամբողջացնէ այս գործընթացը։ Այս պարունակին մէջ Ֆրանսան կ՚աջակցի կողմերու համատեղ կոչին՝ սկսելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի լուծարումը։ 

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, տարածաշրջանային հաղորդակցման կապերու զարգացումը եւ սահմաններու բացումը՝ յարգելով պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրով սահմանուած սկզբունքները, պէտք է հնարաւորութիւն տան Հարաւային Կովկասին դառնալու խաղաղութեան եւ բարգաւաճման գօտի՝ ի բարօրութիւն տարածաշրջանի բնակչութեան»,- ըսուած է Ֆրանսայի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ՝ նշելով, որ ֆրանսական կողմը հետագային եւս պիտի շարունակէ աշխուժօրէն աջակցիլ խաղաղութեան գործընթացին։