ԱՄՆ Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնը ողջունած է Միացեալ Նահանգներու աւելի անմիջական մասնակցութիւնը՝ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը մերձեցնելու ջանքերուն մէջ։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Ֆրենք Փալոն գրառում կատարած է X ընկերային ցանցին մէջ՝ անդրադառնալով Ուաշինկթընին մէջ կայացած Փաշինեան–Թրամփ–Ալիեւ հանդիպման։
«Ուրախ եմ տեսնել, որ Միացեալ Նահանգները աւելի անմիջական կերպով կը ներգրաւուի՝ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը մերձեցնելու ջանքերուն մէջ։ Թէեւ Հայաստանի հարաւային տարածքով փոխադրական միջանցքի գոյութիւնը խմդիրներ կ՚առաջացնէ, սակայն յոյս ունիմ, որ ԱՄՆ-ի անմիջական ներգրաւումը պիտի յանգեցնէ արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեան, ինչպէս նաեւ՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի դէմ տնտեսական շրջափակման վերացման։ Որեւէ վերջնական համաձայնագիր պէտք է ներառէ նաեւ կիրառման ամուր մեխանիզմներ եւ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխիքներ, որպէսզի Ատրպէյճանը չխախտէ համաձայնագրի դրոյթները»,– գրած է Փալոն։
Ան նաեւ նշած է, որ ԱՄՆ-ի կողմէ «Ազատութեան աջակցութեան մասին» օրէնքի 907-րդ յօդուածի չեղարկումը սխալ է, որովհետեւ Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելու որեւէ պատճառ չկայ։
«Բացի այդ, պէտք է աւելին ընել՝ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը մղելու ազատ արձակելու Պաքուի մէջ իր կողմէ շարունակաբար պահուող ռազմագերիները եւ քաղաքական բանտարկեալները, ինչպէս նաեւ՝ դուրս բերել իր զօրքերը հայկական հողերէն։ Միացեալ Նահանգները ունի բարոյական պարտաւորութիւն՝ ապահովելու տեղահանուած հայերու անվտանգ, արժանապատիւ եւ կայուն վերադարձը իրենց բնիկ հայրենիք՝ Լեռնային Ղարաբաղ»,– աւարտած է Ֆրենք Փալոն։