image

Գերիներու հարցով նորութիւն չկայ. Այդ մասին յայտարարեց Փաշինեան

Գերիներու հարցով նորութիւն չկայ. Այդ մասին յայտարարեց Փաշինեան

Չկայ այդպիսի բանակցութիւն, ուր մենք այդ թեման՝ Ատրպէյճանի մէջ անազատութեան մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներու թեման, չենք բարձրացներ: Այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ պատասխանելով ԶԼՄ-ներու հարցերուն:

«Այդ թեման քննարկուել եւ բարձրացուել է բարձրագոյն մակարդակում: Հիմա ես այլ մանրամասների մէջ չեմ մտնի: Եւ, հաշուի առնելով նաեւ նախորդ շրջանի իմ փորձը՝ այդ քննարկումների արդիւնքի մասին էլ ձեռնապահ կը մնամ որեւէ բան ասել: Քանի որ, ցաւօք, դեռ արդիւնք չկայ, տեղի չի ունեցել այն՝ ինչ սպասում ենք, մենք պէտք է ընկալենք, որ արդիւնք չկայ: Իսկ բարձրագոյն մակարդում այդ հարցերը բարձրացրել ենք, բարձրացնում ենք եւ կը շարունակենք բարձրացնել»,-ըսած է Փաշինեան։

Ան նշած է, որ մարդասիրական հարցերը առանձին վերցուած լուծում չունին եւ որ այս պատմական առաջընթացն է որ պիտի բերէ խնդիրներու լուծման, այդ շարքին՝ մարդասիրական: