Երեւանի ղեկավարութիւնը աստիճանաբար վերապահութեան թոնով խօսիլ սկսած էր այդ մասին՝ յետպատերազմեան շրջանին Մոսկուայի հետ խորացած անվստահութեան ալ մթնոլորտին մէջ։ Ինչպէս Լաչին-Զանգեզուրի պարագային, այնպէս ալ այս նիւթին շուրջ Անգարա հարիւր տոկոսով վանել չ՚ուզեր Մոսկուան։ Տարածաշրջանի նոր համայնապատկերին վրայ՝ Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ թանտեմը այնքան զօրացուցած է, որ պատերազմին նախորդած շրջանին նման Ռուսաստանի հետ խոր համագործակցութեան կարիքը չունի Հարաւային Կովկասը տոմինասիոնի տակ պահելու համար։
Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ մանրամասնութիւններ հրապարակեց՝ սեպտեմբերի 11-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ։ Նախիջեւան այցելութենէն վերադարձին՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ ան հերթական անգամ խօսեցաւ նաեւ Զանգեզուրի միջանցքին շուրջ։ Ըստ Էրտողանի, Իրան դրական ազդանշաններ կու տայ այս միջանցքին բացման համար։
Նախագահ Էրտողան լրագրողներուն յայտնեց, որ Նախիջեւան այցելութեան ժամանակ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած են ուժանիւթի, հաղորդակցութեան եւ բնակարանաշինութեան վերաբերեալ համաձայնագրեր, որոնք կը ներկայացնեն լուրջ կարեւորութիւն։ Իգդիր-Նախիջեւան բնական կազի խողովակաշարի հիմնարկէքին ալ անդրադառնալու զուգահեռ, միեւնոյն ժամանակ, Էրտողան խօսք ուղղեց նաեւ Հայաստանին։
«Ընդհանուր առմամբ 80 հազար 150 մեթր երկարութիւն պիտի ունենայ այս խողովակաշարը, որու օրական փոխադրութեան տարողութիւնը պիտի ըլլայ 2 միլիոն խորանարդ մեթր։ Այս ծրագրով Նախիջեւանի մեր եղբայրներուն բնական կազի կարիքը ամբողջութեամբ պիտի դիմագրաւուի։ Եղբայրս՝ պրն. Իլհամ Ալիեւի հետ մասնաւորապէս կանգ առինք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին վիճակին վրայ եւ կրկնեցինք մեր ամուր զօրակցութիւնը՝ Ատրպէյճանի արդար դատին համար։ Ատրպէյճանի բանակը անզիջում վարուած է ահաբեկիչներու դէմ, իսկ քաղաքայիններու դէմ վերաբերուած է ծայր աստիճան գութով։ 30 տարի առաջ Ղարաբաղի մէջ բռնագրաւման ժամանակ ապրուածներուն եւ բռնագրաւեալ տարածքներու ազատագրումէն վերջ ապրուածներուն միջեւ մեծ տարբերութիւնը այժմէն արդէն քանդակուած է յիշողութիւններու մէջ։ Բնակչութեան տեսակէտէ անհրաժեշտ ամէն ինչ, բեռնատարներով սննդամթերք կ՚ուղարկուի դէպի այդ շրջանը։ Թուրքիա այս բոլոր գործընթացներուն մէջ Ատրպէյճանի կողքին դիրք գրաւած է։ Ղարաբաղի ամբողջի պարագային ամրապնդուած է Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնը։ Աւելի կարեւորը՝ 44-օրեայ հայրենիքի պաշտպանութենէն վերջ, հնարաւորութեան նոր պատուհան մը բացուած է՝ տարածաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ճանապարհին։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ գործընթացը ձգձգելու փոխարէն Հայաստան այլեւս ամուր կամք մը դրսեւորէ։ Մեր այս ակնկալութիւնը արտայայտեցինք նաեւ՝ սեպտեմբերի 11-ին Հայաստանի վարչապետ պրն. Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային տեսակցութեան ընթացքին», ըսաւ Էրտողան։
Լրագրողները Հանրապետութեան նախագահին կարծիքը շօշափեցին նաեւ Խոճալուի դէպքերուն շուրջ։ Ան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Հայաստան այս պահուն կը վճարէ Խոճալուի սպանդին փոխարժէքը ու պիտի վճարէ։ Անկարելի է մոռնալ Խոճալուի սպանդը։ Այլեւս թէ՛ Խոճալուի եւ թէ Ղարաբաղի համար եկած է՝ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան ներքեւ մշտական խաղաղութեան եւ անդորրութեան ժամանակը։ Հայաստանին ալ կը վիճակի՝ այս անդորրութեան հաստատման ու պահպանման համար դիրք գրաւել խաղաղութեան կողքին»։
Զանգեզուրի միջանցքին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ Էրտողան այս գործընթացին վերաբերեալ եւս արժեւորում մը ներկայացուց։ Իր խօսքով՝ անկարելի է պատկերացնել միջանցք մը, ուր կը գերիշխէ պատերազմը։ Լրատուամիջոցները կը նշեն, որ այս կէտին վրայ նախագահը ուշագրաւ պատգամ մը հասցէագրած է Հայաստանին։ «Մեր մաղթանքն է այդ տեղերը խաղաղութեան միջանցքի մը վերածելով բանալ։ Թէ՛ Զանգեզուրի եւ թէ Լաչինի միջանցքներու պարագային, եթէ պիտի պատկերացնենք՝ որպէս խաղաղութեան միջանցք, այս հարցը պէտք է լուծենք առանց կռիւի եւ աղմուկի։ Մասնաւորապէս՝ եթէ այստեղ պատկերացնենք երկաթուղիի համակարգ մը, ապա Թուրքիայէն գնացքը Նախիջեւանէն ու Հայաստանէն անցնելով Ատրպէյճան պիտի երթայ։ Եթէ Հայաստան այս գործին առջեւ ճանապարհ չհարթէ, ապա Իրանէն պիտի անցնի։ Ներկայիս Իրան այս բանը հաշտ աչքով կը դիտէ եւ այս պատճառով ալ այլեւս Իրանէն դէպի Ատրպէյճան անցքի հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ։ Ցամաքէն եւ երկաթուղիով Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միւս շրջաններուն հետ մեր հաստատելիք ուղղակի կապը աւելի պիտի զօրացնէ մեր յարաբերութիւնները։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տեսակէտէ այս միջանցքին կեանքի կոչուիլը ռազմավարական նիւթ մըն է եւ պէտք է անպայման աւարտին հասնի։ Երբոր այդ միջանցքը բացուի, ապա Պաքուէն ճանապարհ դուրս գալիք ինքնաշարժ մը կամ գնացք մը ուղղակիօրէն պիտի կարողանայ Կարս գալ։ Թուրքիա-Ատրպէյճան եղբայրութիւնը ա՛լ աւելի պիտի զօրանայ։ Ուրախալի է, որ Իրանէն այս նիւթին շուրջ դրական ազդանշաններ կու գան», նշեց Էրտողան։
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, յառաջիկայ շրջանին Անգարա-Թեհրան առանցքին վրայ իրերայաջորդ շփումներով այս հարցը պիտի արծարծուի։ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան եւ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի յառաջիկայ շրջանին իրերայաջորդ այցելութիւններ պիտի տան Թուրքիա։
*
Նախագահ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւններուն մէջ կան շարք մը հիմնական, ուշագրաւ չափումներ, որոնք պէտք չէ անուշադրութեան մատնուին։ Առաջինը՝ Էրտողան խօսած է Լաչինի եւ Զանգեզուրի միջանցքներուն մասին։ Այդ երկուքի յարաբերակցութեան մէջ դրուիլը յետպատերազմեան շրջանին նախընտրելի էր Պաքուի տեսակէտէ, իսկ Երեւան կը մերժէր։ Հասկնալի է, որ Անգարա Պաքուի տեսակէտին հակուած ըլլայ՝ մինչ Երեւան կը պնդէր, որ 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի յայտարարութեան մէջ նշուած միակը Լաչինի միջանցքն էր եւ այնտեղ Զանգեզուրի մասին ոչինչ կ՚ըսուէր։ Բայց եւ այնպէս, Ատրպէյճանի սեպտեմբերի 19-ի ռազմական գործողութիւններէն վերջ Լաչինի եւ Զանգեզուրի միջանցքներու յարաբերակցութիւնը գործնականօրէն առաջնահերթութիւն ներկայացնելէ դադրած է։ Արդարեւ, Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղը ամբողջութեամբ իր վերահսկողութեան տակ առած է եւ այլեւս որեւէ նշանակութիւն չունի Լաչինի միջանցքը, որ Արցախի հայութեան եւ Հայաստանի միջեւ կապ կ՚ապահովէր։ Այս նոր իրավիճակին մէջ Էրտողանի կողմէ թէ՛ Լաչինի եւ թէ Զանգեզուրի վերստին յիշատակման նշանակութիւնը, ըստ երեւոյթին, յառաջիկայ իրադարձութիւններով պիտի բիւրեղանայ։ Յամենայնդէպս, առաջին տպաւորութիւնով չի բացառուիր, որ այստեղ Մոսկուայի վերաբերեալ ծալքեր խնդրոյ առարկայ ըլլան։ Արդարեւ, երբ Պաքու կը փորձէր Լաչինի եւ Զանգեզուրի պարագաները յարաբերակցութեան մէջ դնել, ապա այնտեղ առանցքային նշանակութիւն ունէր Մոսկուան, որ հրադադարի համաձայնագրի ստորագրադիրներէն մին էր։
Երկրորդ, Էրտողանի երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ուշագրաւ են Փաշինեանի հետ տեղի ունեցած վերջին հեռախօսազրոյցի բովանդակութեան վերաբերեալ փոխանցուած մանրամասնութիւնները։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի վերջին ռազմական գործողութիւններուն նախորդած իրավիճակին մէջ Էրտողան առաջարկած էր՝ Թուրքիա-Ռուսաստան-Ատրպէյճան-Հայաստան ձեւաչափով քառակողմանի գագաթաժողով մը՝ այս չորս երկիրներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ։ Յամենայնդէպս, երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան չէ անդրադարձած Փաշինեանի հետ խօսակցութեան այդ երեսակին։ Նախօրէին թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը ռուսական գործակալութեան մը յայտնած էր, որ սա մնացած է որպէս առաջարկ։ Էրտողանի կողմէ յղացուած քառակողմանի գագաթաժողովի առաջարկին Թեհրանն ալ արձագանգած էր՝ յայտնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը կրնայ քննարկուիլ՝ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափին մէջ։ Այս բոլորը ուշագրաւ են, որովհետեւ Թուրքիա քառակողմանի հանդիպման առաջարկը ներկայացնելու ժամանակ առաջնահերթութիւն չէ տուած՝ «3+3» ձեւաչափին, որ եւս եղած է իր իսկ մտայղացումը։ Թեհրան քառակողմանի վերջին առաջարկին անդրադարձած է՝ յիշեցնելով «3+3»ը։ Էրտողան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ կարիք չէ զգացած վերյիշելու Փաշինեանին ներկայացուցած՝ քառակողմանի ձեւաչափով քննարկման առաջարկը, սակայն ուրախալի համարած է Թեհրանէն հասած վերջին դրական ազդանշանները՝ Զանգեզուրի միջանցքին համար։
Երրորդ, Էրտողանի բերնով Թուրքիան ալ յայտնած է, որ եթէ Հայաստան չհամաձայնի Զանգեզուրի միջանցքը բանալ, ապա այլընտրանքը պիտի ըլլայ Իրանի վրայով հաղորդակցութիւնը։ Այս բանը երկար ժամանակէ ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ ալ կը բարձրաձայնուի եւ հիմա Թուրքիան ալ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կրկնած է նոյնը։ Հիմնական նրբութիւնը այն է, որ թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Նախիջեւան այժմ Իրանի վրայով արդէն տարանցիկ հասանելիութիւն ունին Ատրպէյճանի բուն տարածքին։ Ըստ երեւոյթին, յառաջիկայ իրադարձութիւններով պիտի բիւրեղանան, թէ ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ունենան այդ նոր տարանցումները՝ բաղդատմամբ այժմու ճանապարհներուն, որոնք արդէն կը գործեն։
Հայաստան Զանգեզուրի միջանցքին վերաբերեալ Ատրպէյճանի պահանջներուն վերապահութիւն ցոյց կու տայ՝ այն պատճառով, որ իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը այդ միջանցքով պիտի խաթարուին, նաեւ պիտի խզուի հարեւան Իրանի հետ կապը։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը յաճախ կը յայտնէ, որ եթէ Ատրպէյճան նկատի ունի Հայաստանի տարածքը հաղորդակցութիւններու համար տարանցիկ օգտագործել՝ երկրի ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան կանոններուն համապատասխան, ապա արդէն որեւէ արգելք գոյութիւն չունի։ Ըստ երեւոյթին, Զանգեզուրի միջանցք ըսուածին այլընտրանքը չի կրնար ըլլալ Իրանը, ուրկէ տարանցիկ հաղորդակցութիւններու որեւէ սահմանափակում արդէն գոյութիւն չունի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի ու Նախիջեւանի կտրուածքով։ Այժմ Թուրքիոյ կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ այդ տեսակէտին կրկնուիլը շատ էական է։
Նախագահ Էրտողան երէկ ըսած է. «Մասնաւորապէս՝ եթէ այստեղ պատկերացնենք երկաթուղիի համակարգ մը, ապա Թուրքիայէն գնացքը Նախիջեւանէն ու Հայաստանէն անցնելով Ատրպէյճան պիտի երթայ»։ Այս պատկերացումին ամբողջութեամբ համահունչ է Հորատիզ-Մեղրի-Օրտուպատ-Սետերեկ-Երասխ երկաթուղին, որու վերագործարկման հարցը երկար ժամանակէ ի վեր բանակցութիւններու առարկայ է։ Նոյնպէս երկար ժամանակէ ի վեր Իրան բացայայտօրէն կը յայտնէ, որ կողմնակից չէ Հայաստանէն կտրուելու եւ տարածաշրջանէն ներս պէտք է պահպանուին պատմական հաղորդակցութիւնները։ Այս խճուղիին վրայ Էրտողանի մակարդակով յայտարարութիւններուն հնչելը չի կրնար պատահականութիւն ըլլալ՝ մանաւանդ, որ ան տակաւին քանի մը օր առաջ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ալ բարձրաձայնած էր այս խնդիրը։ Եթէ Իրանէն դրական ազդանշաններ կը հասնին, ուրեմն յառաջիկայ օրերուն կարեւոր իրադարձութիւններ կրնան տեղի ունենալ։ Նախագահ Էրտողան տակաւին քանի մը ամիս առաջ նշած էր, որ Զանգեզուրի միջանցքին բացուիլը Հայաստանի վերաբերեալ հարց մը չէ եւ հիմնական խոչընդոտը Իրանն է։ Այսքան կարճ ժամանակի ընթացքին հարցը եթէ այդ կէտէն հասած է «ուրախացուցիչ ազդանշաններու» կէտին, ապա պէտք է բոլոր վարկածներուն մասին մտածել։
Բնականաբար, այս կէտին վրայ ալ հարիւր տոկոսով անկարելի է անտեսել Ռուսաստանը։ Ի սկզբանէ հրապարակուած բոլոր տեղեկութիւններուն մէջ կարմիր թելի նման զգալի է, որ Հայաստանի վրայով տարանցիկ բեռնափոխադրումներու ուղիները ռուսական կողմի վերահսկողութեան տակ պիտի ըլլան։ Երեւանի ղեկավարութիւնը աստիճանաբար վերապահութեան թոնով խօսիլ սկսած էր այդ մասին՝ յետպատերազմեան շրջանին Մոսկուայի հետ խորացած անվստահութեան ալ մթնոլորտին մէջ։ Ինչպէս Լաչին-Զանգեզուրի պարագային, այնպէս ալ այս նիւթին շուրջ Անգարա հարիւր տոկոսով վանել չ՚ուզեր Մոսկուան։ Տարածաշրջանի նոր համայնապատկերին վրայ՝ Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ թանտեմը այնքան զօրացուցած է, որ պատերազմին նախորդած շրջանին նման Ռուսաստանի հետ խոր համագործակցութեան կարիքը չունի Հարաւային Կովկասը տոմինասիոնի տակ պահելու համար։ Նախագահ Էրտողան մօտաւոր անցեալին յիշեցուցած էր, որ 2025 թուականին Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերը պէտք է դուրս գան Ղարաբաղի շրջանէն եւ յոյս յայտնած էր, թէ նախագահ Փութին հաւատարիմ կը մնայ այդ փաստաթուղթին։ Երկար ժամանակէ ի վեր, վարչապետ Փաշինեանն ալ սուր քննադատութիւններ կ՚ուղղէ ռուս խաղաղապահներուն եւ արդէն քանիցս բացայայտօրէն յայտարարած է, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութիւնը ձախողած է տարածաշրջանէն ներս ու տապալած։ Այս առումով Անգարա եւ Երեւան զարմանալիօրէն նոյն յաճախականութեան վրայ եկած են։
Նախիջեւանի վերջին Էրտողան-Ալիեւ ժամադրութիւնը դուռ կը բանայ նաեւ ինչպէս Պաքուի ըսածները Անգարայի խօսոյթով ընկալելու, այնպէս ալ փոխադարձաբար՝ Անգարայի ըսածները Պաքուի խօսոյթով ընկալելու։ Էրտողան Նախիջեւանէ վերադարձին յայտնած է, որ անկարելի է պատկերացնել միջանցք մը, ուր կը գերիշխէ պատերազմը։ Անմիջապէս վերջ, կամ ի շարունակութիւն Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի աշխատակազմէն՝ արտաքին քաղաքականութեան գծով խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւ «Reuters» գործակալութեան յայտարարած է, որ իր երկիրը ուժ պիտի չկիրառէ Հայաստանի տարածքով ցամաքային միջանցք մը ստեղծելու համար։ «Ատրպէյճան չունի ռազմական նպատակներ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ, սա միանգամայն դուրս է Ատրպէյճանի օրակարգէն։ Մեր առաջարկը Հայաստանին շատ խաղաղ եղանակով կապի ուղիներ, փոխադրութեան գիծեր ստեղծելն է։ Ատրպէյճան մտադիր չէ ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկել Հայաստանի հարաւին ցամաքային միջանցք մը ստեղծելու համար», նշած է Հաճիեւ։ Եւս առաւել, հաշուի պէտք է առնել, որ Հաճիեւ այս յայտարարութիւնները ըրած է Պրիւքսելի մէջ վերջին օրերուն Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ վարած բանակցութիւններէն վերջ, զորս որակած է շինիչ։
Ի վերջոյ, Թուրքիա դիւանագիտական ճատրակը յառաջ կը տանի մեծ վարպետութեամբ։ Եթէ այսօր Հայաստան անհակակշռելի թափով Ռուսաստանի ուղեծիրէն դուրս գայ, ապա նոյն թափով այդ բացը պիտի համալրուի Արեւմուտքին կողմէ։ Ներքին տարաձայնութիւններով հանդերձ, Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան՝ որպէս հիմնական դերակատարներ, պատմութեան ընթացքին շատ ուշադիր եղած են, որպէսզի Արեւմուտքը անհանդուրժելի ձեւով չներթափանցէ Հարաւային Կովկաս, որ կը համարուի իրենց հասարակաց ետնապարտէզը։ Ռուսաստանի առկայ տկարացումով, ըստ երեւոյթին, անկարելի է, որ ան կարողանայ նախկին ազդեցութիւնը պահել Հարաւային Կովկասի՝ մանաւանդ Հայաստանի մէջ։ Ուստի, Թուրքիոյ վերջին քայլերը միտուած են յստակ նպատակի մը։ Անգարա ինք որեւէ ձեւով Մոսկուան չի վաներ կամ չի հեռացներ տարածաշրջանէն, սակայն, միւս կողմէ, Մոսկուայի կամքէն անկախ տկարացումով կ՚ուզէ ինքնաբերաբար, հարթ անցումով իր կշիռը բարձրացնել տարածաշրջանէն ներս եւ այդ նպատակին ընթանալու ճանապարհին ունի բոլոր միջոցները՝ ամենայն հանգստութեամբ հանդէս գալով նաեւ որպէս Արեւմուտքի դաշնակից։ Թրքական կողմը ներկայիս ունի բաւարար հիմքեր՝ հաշուարկելու համար, որ Արեւմուտքի աչքին Հարաւային Կովկաս ներթափանցելու համար ըլլայ դարպաս մը, իսկ Ռուսաստանի աչքին՝ Արեւմուտքի տարածաշրջան ներթափանցումը կանխելու համար ըլլայ պատնէշ մը։
Արեւմուտքը, անշուշտ, օդէն չ՚իյնար այստեղ։ Արդէն հայկական լրահոսին մէջ ալ արձագանգ գտած է, որ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն քննարկած են Թուրքիա-Ատրպէյճան փոխադրութեան հաւանական կապերը, որոնք կրնան անցնիլ Հայաստանէն։ Մնաց որ, երէկ արդէն Փութինն ու Ռայիսին ալ հեռաձայնի վրայ շօշափած են նոյն հարցերը։
Նախագահ Էրտողան մօտաւոր անցեալին Նիւ Եորքի մէջ ամերիկեան լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսած էր, թէ հաւասարապէս կը վստահի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ Ռուսաստանին։ Չէ՞ որ, դիւանագիտական բանաձեւումները միշտ կ՚ունենան տողատակեր։ Հաւասարապէս վստահիլ կրնայ նշանակել նաեւ հաւասարապէս չվստահիլ… Եւ այս բարդ հենքին վրայ է, որ նոր որակ մը պիտի ստանան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւնները՝ ուրիշներ ուզեն կամ ոչ։
Նիւթը՝ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն