Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ուշադիր կը հետեւի Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ այս իրադարձութիւններուն վերաբերեալ կապի մէջ է երկու դրացի երկիրներու՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ։
Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրման։
Իրանի ԱԳՆ-ն նշած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը օգտակար են շրջանի բոլոր երկիրներուն։
Ողջունելով երկու երկիրներուն կողմէ խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնականացումը՝ Իրանի ԱԳՆ-ն զայն համարած է կարեւոր քայլ՝ շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ։
Միեւնոյն ատեն, Իրանը մտահոգութիւն յայտնած է արտաքին որեւէ տեսակի միջամտութեան բացասական հետեւանքներուն մասին, յատկապէս իր ընդհանուր սահմաններուն մօտ, որոնք կրնան խաթարել շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։
Ընդգծելով իր ազգային իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանելու համար քաղաքական, իրաւական եւ տնտեսական միջոցառումներու անհրաժեշտութիւնը՝ Իրանը կը կարծէ, որ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը եւ փոխադրական ցանցերու ապաշրջափակումը պիտի ծառայեն շրջանի ժողովուրդներու կայունութեան, անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման միայն այն պարագային, երբ անոնք իրականացուին փոխադարձ շահերու, ազգային ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգանքի ծիրէն ներս՝ առանց արտաքին միջամտութեան։
Իրանը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու կառուցողական համագործակցութիւնը փոխադարձ շահերու հիման վրայ՝ ե՛ւ Ատրպէյճանի, ե՛ւ Հայաստանի հետ, շրջանին մէջ խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ տնտեսական զարգացումը ապահովելու համար, ներառեալ՝ տարածաշրջանային ձեւաչափերու միջոցով, ինչպէս 3+3 մեխանիզմը։