image

Պոլսոյ մէջ. Արա Գօչունեանի այցը՝ Շիշլիի նորընտիր քաղաքապետին

Պոլսոյ մէջ. Արա Գօչունեանի այցը՝ Շիշլիի նորընտիր քաղաքապետին

Օրերս Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Արա Գօչունեան այցելութիւն մը տուած Շիշլի կեդրոնական թաղամասի քաղաքապետին։

Այս մասին «Արեւելք» կարդաց՝ «Ժամանակ» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ քաղաքապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր։

Հարկ է նշել, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վերջին ընտրութիւններէն առաջ Ռեսուլ Էմրահ Շահան մասնաւոր երեկոյթով մը մէկտեղուած էր ոչ-իսլամ փոքրամասնական շրջանակներուն հետ։ Այժմ, երբ ան պաշտօնի ձեռնարկած է, Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր՝ ի շարունակութիւն նախընտրական հանդիպման, արդէն Շիշլի գաւառակի թրքահայ շրջանակներուն հետ ժամադրութիւններ կը կազմակերպէ նորընտիր քաղաքապետին համար։ Այս հանդիպումները, ընդհանրապէս, ծանօթացման եւ քաղաքավարական բնոյթ կը կրեն։

Ռեսուլ Էմրահ Շահան երէկ այս շրջանակին մէջ մէկտեղուեցաւ Արա Գօչունեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Շիշլի գաւառակի ընդհանուր համակեցութեան մթնոլորտի պահպանման եւ այդ հիման վրայ նոր նախընթացներ ձեւաւորելու հեռանկարներուն շուրջ։ Շահան շեշտեց, որ ինք հետամուտ է հաստատութենական մտայնութեան եւ կողմնակից չէ, որ տուեալ շրջանի քաղաքապետի անձէն կախում ունենայ քաղաքապետարանի եւ փոքրամասնութիւններու շփումներուն, համագործակցութեան որակը։

Նորընտիր քաղաքապետն ու թերթիս խմբագիրը մասնաւորապէս կանգ առին նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաքելութեան եւ գործունէութեան վրայ։ Գօչունեան նշեց, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը հրատարակուի արեւմտահայերէնով եւ ամբողջ աշխարհի մէջ ներկայիս այս լեզուով մատի վրայ հաշուած թիւով օրաթերթեր մնացած են։ Արեւմտահայերէնը, սակայն, միջազգային կառոյցներուն կողմէ կը դասուի այն լեզուներու շարքին, որոնց գոյութեան վտանգ կը սպառնայ։ Թրքահայութիւնը, սկզբունքօրէն, այս լեզուի կրողներու բարոյական իրաւայաջորդը կը նկատուի։ Այս բոլորի հատման կէտին վրայ Արա Գօչունեան ընդգծեց, որ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ հայաշխարհի անընդհատ հրատարակուող ամենահին օրաթերթն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որու արտադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ Շիշլի գաւառակէն ներս։ Զրուցակիցները համամիտ գտնուեցան, թէ սա անանտեսելի հանգամանք մը եւ իսկական արժէք մը կը նկատուի այս գաւառակին տեսակէտէ, որու մթնոլորտը եզակի է Թուրքիոյ մէջ՝ մշակութային զանազանութեան առումով։

Հուսկ, Շահան եւ Գօչունեան փոխադարձ բարեմաղթութիւններով հրաժեշտ առին իրարմէ։