image

Արեւմտահայաստանն ու Նեւրիկը (2). Ատանա, Մարաշ, Ուրֆա եւ Այնթապ

Արեւմտահայաստանն ու Նեւրիկը (2).  Ատանա, Մարաշ, Ուրֆա եւ Այնթապ

«Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ...ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա, աշխարհ, որ ինձ ետուր արեւ»: 

Հրա՜շք տողեր, որոնք բազմիցս երգած ենք, սակայն այսօր կ'երգենք այլ ոգեւորութեամբ մը, կարծես բառերը տարբեր իմաստ ստացած են եւ մեր ձայներուն կ'ընկերակցին ազգիս անթիւ ու անհամար զոհերը եւ կարօտակէզ սփիւռքահայերը: Հանրակառքը կ'ուղղուի դէպի Ատանայի Հայկական թաղերը: Հարիւր տարիէ անբնակ մնացած տուներ, բայց ոմանք տակաւին կանգուն են ու խրոխտ: Մօտս տարօրինակ հոգեվիճակ մը կը լեռնանայ, հարազատ միջավայր է, բայց նոյնքան ընդվզեցնող ու ցաւոտ...: Շրջանին բնակիչներէն մէկը հարց կուտայ. «ինչո՞ւ չէք վերադառնար եւ ապրիր ձեր տուներուն մէջ»: Եղելութենէն անտեղեակ անձին ի՞նչ բացատրես...: Դիմացս ահա նշանաւոր Հայ ճարտարապետին՝ Սամուէլ Պալեանին, կառուցած ժամացոյցին աշտարակն է, որ ժամանակին ու մաշումին դէմ անդրդուելի կանգնած է ու տեսանելի՝ քաղաքին բոլոր կողմերէն։ Արդեօք ո՞ւր կը գտնուէր ամուսինիս ընտանիքին՝ Մահսերեճեաններուն, ձէթի զտարանը: Հինգ աշխատասէր եղբայրներ եղած են, բայց անգութ կոտորածէն միայն մէկը փրկուած է, Սահակը՝ ամուսինիս հայրը: Սահակ իր կաղ ոտքով, բայց հաստատուն քայլերով ու տոկուն կամքով, կը յաղթահարէ գոյութեան դժուարին մարտահրաւէրները: Իր հովանիին տակ կ'առնէ իր երեք որբ քոյրերը, իսկ ինք կ'ամուսնանայ Մայրենիին հետ եւ կ'ունենան ութ զաւակ: Կը հաւատայ, որ ՀԱՅ ընտանիք կերտելը միա՛կ գրաւականն է վերականգնումի...: Էութենէս պատառիկ մը Ատանա կը թողնեմ ու լուռ մտորումներով կը հեռանամ: 

Սա մեզի ծանօթ Մարաշն է կամ Գերմանիկը, պատմական գիրքերէն ճանչցած եմ, նաեւ ծննդավայրիս՝ հայահոծ Լիբանանին մէջ, կողքիս թաղն է, կամ Մարաշցի դրացիս է...: Ահա այս կանաչ մարգագետիններուն ու անծայր դաշտերուն հագցուցած են նոր «մակդիր» մը՝ Քահրաման Մարաշ, որ թրքերէնով կը նշանակէ հերոս: Արդեօք ովքե՞ր են հերոսները եւ ինչպիսի՞ հերոսութեան կ'ակնարկեն...: Կը պատկերացնեմ այս բարեբեր հողին վրայ, հայ տքնաջան բանուորները ու կը յիշեմ Դանիէլ Վարուժանին «Ցանը». «Մշա՛կ, ցանէ նոյնիսկ հեռու սահմանէն, աստղերու պէս ալիքներու պէս ցանէ... վաղը նետած ցորեններդ այդ կը թափին օրհնութեան պէս թոռնիկներուդ գլխուն վրայ»: Երնէ՜կ Հայ մշակը մնար իր հողին վրայ ու իր թոռները վայելէին Միսաք Մեծարենցի նկարագրած «Կութքը բերրի դաշտերուն, բոլոր միրգերն աշունի ու մեղր ու կաթ ու գինի»ն: Դալարագեղ կանաչին մէջ կարօտի հունտեր կը սփռեմ ու սրտատրոփ կ'անցնիմ յառաջ: 

Ուրֆան ալ վերակոչուած է Շանլի (փայլուն) Ուրֆա: Արդեօք ինչպիսի՞ փառք ու փայլք աւելցուցին երբ բռնի տիրացան մեր սուրբ եկեղեցիներուն ու զանոնք վերածեցին մզկիթներու: Սրածայր մինարէներ աւելցնելով չէ՛ք կրնար փոխել կառոյցին հոգին, այնտեղ ապրող խաչեր կան, շնչող նահատակներ, անմահ սուրբեր...: Այո՛, Նեւրիկ, կը լսեմ քեզ. Դո՛ւն, որ Հայ քրիստոնեայ մանկամարդուհի էիր, ներաշխարհդ աղօթք ու նշխար էր, ինչպէ՞ս պիտի ընդունէիր ինքնութիւնդ կեղեքողին հետ կենակցիլը...: 

Ուրֆայէն ալ փունջ մը տատասկ կը վերցնեմ ու կը շարունակեմ...:

Կը հասնինք Այնթէպ. այս ալ հագեր է «Ղազի» տիտղոսը, որ կը նշանակէ Իսլամ ռազմիկ. յատկապէս ան, որ կը կռուի կրօնքի համար: Իմ Քրիստոնէական սկզբունքներովս  ինչպէ՞ս ըմբռնեմ, որ կարելի է ջարդե՛լ, խոշտանգե՛լ եւ բռնագրաւե՛լ կրօնի անունով: 

Կ'այցելենք Ս. Աստուածածին եկեղեցին. հզօր կառոյց մը՝ նշանաւոր ճարտարապետ Սարգիս Պալեանին բազմաթիւ ստեղծագործութիւններէն: Սա ալ ցաւօք սրբապղծուած ու վերածուած է մզկիթի: Արդէն թաղին մուտքին հպարտօրէն ցուցադրուած է վերանորոգման աշխատանքներուն ու մզկիթին ապագայ տեսքին հսկայ գծագիրը: Եկեղեցւոյ արտաքին պատերը հիւսուած են հայկական նրբակերտ նախշերով, յաւերժութեան նշաններով, լայնանիստ սիւներով ու հսկայ պատուհաններով: Նոյնպէս ալ ներսը, շքեղ, բարձր առաստաղով, կամարներով, ընդարձակ ու շնչող տարածք մըն է: Պատերէն մէկուն վրայ կը տեսնենք հսկայ խաչ մը՝  նախշուած գունագեղ ապակիներով: Ափսոս այս սուրբ խաչը՝ Քրիստոնէութիւն ճչացող դրոշմը, ծածկած են կարմիր վարագոյրով մը, որուն վրայ հանգչած են լուսինն ու աստղը՝ տեղւոյն երկրին դրօշակը խորհրդանշելով: Ընդվզումս կը խեղդէ կոկորդս: Կը յիշեմ, թէ ինչպէս Յիսուսի անարդար խաչելութենէն ետք, Երուսաղէմի տաճարին հսկայ վարագոյրը երկուքի կիսուեցաւ...: Ա՜խ, օր ցերեկով աշխարհին աչքերուն առջեւ, կ'ուրանան ցեղասպանութիւնը, մինչ իրականութիւնը ամէնուրէք իր բազմազան երեւոյթներով ականջ խլացնելու չափ կը պոռայ...: Արդեօք այս եկեղեցւոյ մէջ քանի՞ ուխտաւորներ իրենց աղօթքը բարձրացուցին դէպի Ս. Կոյսը: Իսկ Աստուածածնայ տօնին քանի՞ Հայ մայրեր իրենց ձագուկներուն հետ փութացին եկեղեցի, որպէսզի խաղողի ողկոյզներ տանին ու իրենց տան ճաշասեղանին օրհնութիւն սփռեն: 

Ցաւդ կը զգամ Նեւրիկ, քու վիզէդ խլուած էր խաչէ մանեակդ եւ արգիլուած էր քեզի խաչակնքելը: Դուն իրաւունք չունէիր քառասնօրեայ Շէֆքէթը եկեղեցի տանելու, Տէր հօր օրհնութիւնը խնդրելու, զինք սրբալոյս Միւռոնով կնքելու եւ քեզի հետ խաղող ու նշխար վերցնելու...:

 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...