image

Ղազարոս Ալթունեանի մասին. Զիատ Ռահպանիի վստահելի ընկերն ու նախասիրած հայ դերասանը

Ղազարոս Ալթունեանի մասին. Զիատ Ռահպանիի վստահելի ընկերն ու  նախասիրած հայ դերասանը

Սագօ Արեանի  դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝ 

 «Ես «Սթէրիո» եմ այսինքն Հայ եւ Լիբանանցի։ Հոս լիբանան եկանք այս երկրին համար գործելու եկանք, եկանք Լիբանանի աղաւնիներն էինք, ու պատրաստ էիք գործելու ամբողջ Լիբանանի համար, բայց եկուր տես, որ «Սթէրիո» վիճակ մը մատնուեցանք։ 

 Հիմա ես լիբանանցի եմ, թէ հայ եմ … Ըսի չէ «Սթերիո» վիճակ մըն է։ Այսինքն եւ հայ ենք եւ լիբանանցի եւ այս մէկը «Սթերիո» վիճակ մըն է, ոչ աւելի ոչ պակաս…» 

 Այս խօսքերը կը պատկանին լիբանանահայ աւագ սերունդի դերասաններէն՝ Ղազարոս Ալթունեանի, որուն անունը մտքիս մէջ ուրուագծուած է, որպէս Զիատ Ռահպանիի մտերիմ բարեկամն ու սիրելի դերասանը։ 

 Ռահպանիի շատ յայտնի «Ֆըլմ ամերիքի թաուիլ» թատերակին մէջ Ալթունեան ստանձնած էր  արհեստաւոր հայուն դերը «ստանալով» Զաւէն անունը։ 

 

‼️‼️‼️‼️‼️🙏🇦🇲🇱🇧🇱🇧ԶԻԱՏ ՌԱՀՊԱՆԻԻ «ԸՆԿԵՐ»Ն ՈՒ ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԴԵՐԱՍԱՆԸ 

 ՄԱՐԴ, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ՓՆՏՌՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒ ԿԵՐՊԱՐԸ…

 ՈՒՐԿԷ՞ ԿՈՒ ԳԱՅ ԶԻԱՏ ՌԱՀՊԱՆԻԻ ՍԷՐԸ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ ԵՒ ԱՅՍ ԱՌՈՒՄՈՎ ԱԼ ԻՆՉ Է ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՆԱԽՆԻՆԵՐՈՒՆ ՝ ՌԱՀՊԱՆԻ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԵՐԱԺԻՇՏ ԱԼԵՔՍԱՆ ՄՆԱԿԵԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

 ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԻՆ ՄԱՍԻՆ, ԲԱՅՑ ՅԱՏԿԱՊԷՍ ՂԱԶԱՐՈՍ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ 

 «Ես «Սթէրիո» եմ այսինքն Հայ եւ Լիբանանցի։ Հոս լիբանան եկանք այս երկրին համար գործելու եկանք, եկանք Լիբանանի աղաւնիներն էինք, ու պատրաստ էիք գործելու ամբողջ Լիբանանի համար, բայց եկուր տես, որ «Սթէրիո» վիճակ մը մատնուեցանք։ 

 Հիմա ես լիբանանցի եմ, թէ հայ եմ … Ըսի չէ «Սթերիո» վիճակ մըն է։ Այսինքն եւ հայ ենք եւ լիբանանցի եւ այս մէկը «Սթերիո» վիճակ մըն է, ոչ աւելի ոչ պակաս…» 

 Այս խօսքերը կը պատկանին լիբանանահայ աւագ սերունդի դերասաններէն՝ Ղազարոս Ալթունեանի, որուն անունը մտքիս մէջ ուրուագծուած է, որպէս Զիատ Ռահպանիի մտերիմ բարեկամն ու սիրելի դերասանը։ 

 Ռահպանիի շատ յայտնի «Ֆըլմ ամերիքի թաուիլ» թատերակին մէջ Ալթունեան ստանձնած էր  արհեստաւոր հայուն դերը «ստանալով» Զաւէն անունը։ 

 Ճարտար, աշխատասէր, ամէն բանի լուծում ունեցող ու մանաւանդ Լիբանանի մէջ ներքին արիւնահեղութեան երեւոյթը մերժող կերպարի մարմնաւորումն էր Զաւէնի կերպարը, որուն միջոցաւ ալ Ռահպանի կերպով մը իր սէրն ու երախտիքը կ՚արտայայտէր աշխատասէր եւ խաղաղասէր հայութեան հանդէպ։

 Ռահպանի իր այս գիծը եւ ընկալումը առաջ տարած էր շատ հաւանաբար ազդուած ըլլալով մէկ այլ ստեղծարար հայու մը ազդեցութեան լոյսին ներքոյ եւ այդ արուեստագէտ եւ երաժշտութեան նուիրեալ անունը՝ Ալեքսան Մնակեանն էր, որ երկար ատրիներ գործած ու գործակցած Զիատի հօր՝ Ասի Ռահպանիի եւ հօրեղբօր Մանսուր Ռահպանիի հետ։ Այս առումով ուրիշ վարկածներ ալ, որ կը կարեւորեն Ալեքսան Մնակեանի տաղանդն ու այդ մեծ ընտանիքին տրուած  երախտիքն ու նուիրումը։ 

 Վերադառնալով Ղազարոս Ալթունեան կերպարին ապա ըսեմ, որ հակառակ անոր, որ անոր կերպարը կը համարուի «երկրորդական» կերպար մը,բայց եւ այնպէս անոր ներկայութիւնը խորունկ եւ կատակախառն խորհրդան կերպարի մը ներկայութիւնն է։ Զիատ ներկայացուցած է զինք իբրեւ պարզ ու հաւատարիմ մարդ, եւ միեւնոյն ժամանակ՝ համակրելի ու հաւասարակշռող ներկայութիւն։

 Հարկ է նշել նաեւ, որ Զիատ Ռահպանիի հայ կերպարները յաճախ կը ներկայանան իբրեւ աշխատասէր, լուռ ուժ՝ վկայելով հայ համայնքի երկարատեւ ներկայութիւնն ու դերը Լիբանանի հասարակութեան մէջ։ Սակայն միեւնոյն ժամանակ, երբեմն անոնք կը կրեն «կարծրատիպային» մարմանւորումներ «կտրուած» արաբերէնով, անկապ կատակներով …. բայց միշտ առանց արհամարհանքի։ Ընդհակառակը՝ 

 Ո՞վ է Ղազարոս Ալթունեան Ան ծնած է 1940 թուականին՝ Բէյրութի մէջ։ Ուսումնական կրթութիւնը ստացած է ՀԿԲՄ-ի Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանին ու ապա ՀԲԸՄ Լիբանանի կրթարաններուն մէջ։

Ան մասնակից եղած է 35-է աւելի թատերական ներկայացումներու ստանձնելով ամենատարբեր դերերը ու մեծ հաշուով մարմնաւորելով միջին վիճակագրութեան հայու դերն ու «ներկայութիւնը»։ 

 Թատերական ներկայութիւնէ եւ աշխոյժ մասնակցութիւնէ բացի Ալթունեան ներկայութիւն եղած է համայնքային կեանքին մէջ ծառայելով Հայց. Առաքելական Եկեղեցիին եւ մասնակցելով կրօնական արարողութիւններու։

 Ռահպանի եղբայրները, ապա նաեւ Զիատ Ռահպանին բարձր գնահատելով Ղազարոսի տաղանդն ու թատրոնի հանդէպ վերջինիս նուիրումը  անոր դերեր վստահած են Լիբանանի թատերական հասարակութեան համար շատ սիրուած՝ «Լուլու», «Մայս ալ ռիմ» «840-ի ամառ»ը եւ «Ֆիլմ ամերիքի թավիլ» եւ «Շի Ֆաշէլ» բիէսներուն մէջ։ 

 Ալթունեան, որ ներկայիս կ՚ապրի Պէյրութի հայաշատ «Նոր Հաճըն» թաղամասին մէջ արժանի է ամէնայն յարգանքի ու ապահով եմ, որ լիբանանահայ գաղութը շատ լաւ գիտէ անոր անցած նուիրական ճանապարհը եւ յարմար առիթի ալ  ան արժանի կը դառնայ իրական մեծարման։

 Լուսանկարներուն մէջ՝ Ալթունեան մասնակից Զիատ Ռահպանիի վերջին հրաժեշտի արարողութեանց։