Խնդիրը բարդ է ու ծանր. միանշանակ։ Դար մը առաջ՝ 1915-ին, կարգ մը հայեր անհատապէս կամ հաւաքաբար եղած են կրօնափոխ, փոխած են դաւանանք՝ Անատոլուի այդ շրջանի հայաբնակ, հայահոծ գաւառներուն մէջ փրկուելու համար դաժան ճակատագրի ողբերգական հետեւանքներէն։ Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին խնդիրը վերստին հայութեան դիմաց ծառացած է բազում ծալքերով։ Սա կը վերաբերի թէ՛ հետեւանքներու յաղթահարման եւ թէ անցեալի հաշիւներու եզրափակման։ Այն, որ նիւթը կ՚առընչուի ցեղասպանութեան հետ կամ ձեւով մը կ՚ածանցուի անոր՝ ին՛չ խօսք, առաւել ծանրակշիռ հանգամանք մը կը վերագրէ հարցերուն, որոնք հասունցած են վաղուց։ Ի լրումն այս բոլորին, 2015-ի ոգեկոչումներու մթնոլորտին մէջ ա՛լ աւելի նուրբ բնոյթ մը կը ստանայ այս խրթին հիմնահարցը, որու դրսեւորումները կը ստեղծեն վերիվայրումներ։ Երեւոյթ, որ կը պահանջէ հաւաքական գիտակցութիւն։ Ամէն անգամ, որ այս հարցը գետի նման վարարի, քննարկումները կ՚ըլլան աւելի բուռն։ Նոյնը եղաւ նաեւ պարագան վերջին, թարմ օրինակին շարժառիթով, երբ Համահայկական 6-րդ խաղերուն բերումով Հայաստան մեկնած երեք ծպտեալ հայեր չյաջողեցան մկրտուիլ, հակառակ իրենց յամառ փափաքին։ Արձագանգները եղան գրեթէ աննախընթաց։
Թէ ինչպէ՞ս է հարցին ընդհանուր դրուածքը, ի՞նչ տուեալներ գոյութիւն ունին հաշուի առնելու համար անհրաժեշտօրէն։ Պարզ է, որ հայութեան բոլոր խաւերը նոյն բանը կը տեսնեն այսօր՝ նայելով հարիւր տարուան վաղեմութեամբ ցեղասպանութեան համայնապատկերին։ Անցնող մէկ դարը, անշուշտ, չէ անհետացուցած եղեռնական դէպքերուն թողած խոր հետքը, բայց ընկալումներու կամ մեկնաբանութիւններու տարբերութիւնները նուիրագործած է եւ հայութեան բոլոր հատուածները հասած են հասարակաց յայտարարի մը։ Այստեղ եթէ հարցը առաջին հերթին անցեալի մասին է, ապա ծպտեալներու պարագային՝ ներկայի եւ ապագայի մասին։ Այս է պատճառը, որ առաջնահերթութիւններն ու դիտարկումները կը տարբերին իրարմէ՝ տեսանկիւններէ կախեալ ձեւով։ Ծպտեալներու պարագան էապէս տարբեր նշանակութիւն ունի կամ կը ստանայ նայած՝ Հայաստանէն, Պոլիսէն եւ կամ այլ տեղէ մը։ Բոլորը իրենց դիտանկիւնէն կը տեսնեն հարցին միայն մէկ երեսակը եւ տարակոյս չկայ, թէ մասնակի պատկերացումներով անկարելի է տիրապետել հարցի ամբողջութեան՝ բոլոր ծալքերով։
Ըստ երեւոյթին, այս հարցին առողջ ու համապարփակ լուծում մը գտնելու, զայն բոլորին համար հաւասարապէս ընդունելի հունի մը մէջ դնելու առումով գոյութիւն ունին երկու նախապայմաններ։ Առաջինը՝ հարցը հնարաւորինս զերծ պահել զգացական հարթութենէ եւ երկրորդը՝ խնդիրը հեռու պահել շահարկումներէ։ Այս երկուքը թէեւ անբաւարար են, բայց նաեւ անհրաժեշտ՝ ամէն ինչ սկզբունքային մակարդակի վրայ դնելու եւ առողջ լուծում մը որոնելու համար։ Սա գետին պիտի պատրաստէ յստակ ու նպատակասլաց չափանիշներու ձեւաւորման։ Արդարեւ, միայն անոնց որդեգրումով կարելի է կանխել քմահաճութիւնները, ենթակայականութիւնները, նաեւ կրկնակի չափանիշներու ակամայ շրջանառութեան մէջ մտնելը։ Սա կամք պարտադրելու կամ գործնականութեան հրապոյրէն տարուելու ոլորտ մը չէ։ Առաջին հերթին պիտի ճշդուին կամ սահմանուին խաղին կանոնները։ Հայկական աշխարհն է, որ պիտի հաստատէ այդ կանոնները, իսկ աւելի վերջ պիտի յաջորդէ աւելի դժուար հանգրուան մը. առարկայական ու անաչառ գործադրութիւն, լիարժէք հաւատարմութիւն։
Այս բոլորը կ՚ենթադրեն համբերատար գործընթաց մը։ Պէտք չէ ըլլալ վանող, խտրական, պէտք չէ հետամուտ ըլլալ մենաշնորհներու։ Անհրաժեշտ է, որ մօտեցումը ըլլայ լայնախարիսխ, հեռու լոզունգներէ։ Լոկ եղեռնէ տուժած ըլլալու չափումով առաջնորդուիլը կրնայ պատճառ դառնալ մակերեսայնութեան։ Այս նիւթին վրայով ազգասիրութիւն ապացուցանելու ջանքերը խնդիրը կրնան մատնել ամբոխավարութեան փակուղիին, որ անհնարին կրնայ դառնալ առողջ լուծման հասնիլը։ Կշիռքի նժարներէն մէկուն վրայ՝ որպէս գերակայ ու գերակշիռ գործօն, միշտ պէտք է պահել հայկական նուիրականութիւնները, սրբազան արժէքները չաժանցնելու անվիճելի հրամայականը։
Նման իրավիճակներու պարագային, հաւաքական կեանքէ ներս յարմարագոյն լուծման հասնիլ հնարաւոր կրնայ ըլլալ միայն իրաւունքներու եւ պատասխանատուութիւններու հաւասարակշռութեան մէջ։ Եւ այդ խաչմերուկին վրայ այժմու դրութեամբ առանցքային դեր մը կը վիճակի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Միթէ ե՞րբ դիւրին եղած է մեր մարտիրոս Մա՛յր Եկեղեցւոյ գործը։ Ահա՛ հերթական մարտահրաւէրներէն մին։
«Ժամանակ» ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ Պոլիս