image

Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նոր առաքելութիւնը դէպի Հիւսիս. Վեր. Ռընէ լեւոնեանի այցը ՝Մոսկուա եւ Սոչի (Լուսանկարներ)

 Հայ Աւետարանական  Եկեղեցւոյ նոր առաքելութիւնը դէպի Հիւսիս. Վեր. Ռընէ լեւոնեանի այցը ՝Մոսկուա եւ Սոչի (Լուսանկարներ)

Ռուսական  տարածքը  ամեհի եւ հզօր  ներուժ  ունեցող  տարածք է։  Բազմազգ, բազմաթիւ ժողովուրդներու եւ  հաւատալիքներու  եզերք հանդիսացող  Ռուսիան  կարեւոր երկիր նաեւ մեզի հայերուս  համար։ Ինչ-ինչ  պայմաններու բերումով  այդ  երկրին հանդէպ մեր ուշադրութեան պակասը   կերպով մը  հայկական երակը  հեռու ձգած է   զարգացումներու կիզակէտէն։

 Այդ ուշադրութիւնը սոսկ մշակութային,  քաղաքական,  ընկերային չէ միայն այլ նաեւ կրօնական։  Այլ խօսքով   Ռուսաստանի  ամենահեռաւոր կէտերուն մէջ  կայ  հաւատքի եւ հաւատամքի կրակ մը՝հայկական   ցոլք մը, որ արժանի է ուշադրութեան։

Այս առումով ալ օրերս ուշագրաւ քայլով մը   Հայ Աւետարանական Համայնքի աշխոյժ եւ նուիրեալ  գործիչներէն՝  Վեր.  Ռընէ Լեւոնեան այցելութիւն մը տուած է Մոսկուա եւ ապա Սոչի տեղւոյն վրայ ծանօթանալու այնտեղ  տիրող  կացութեան ու նաեւ յարմար լուծումներ  որոնելու Ռուսաստանի Հայ Աւետարանական  համայնքին համար։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ Վեր. Ռընէ Լեւոնեանի  դիմատետրեան էջէն, ուր  ան մասնաւորապէս գրած է՝«Նոր աւարտեցի Ռուսիոյ մէջ երկշաբաթեայ հովուական առաքելութիւնը։ Իսկապէս, ես պատիւ ունիմ նախագահելու Եւրասիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը։ Այս միութիւնը կը ներառէ նախկին ԽՍՀՄ եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները։

Մոսկուայի եւ Սոչիի մէջ մասնակցած եմ տարբեր հաւաքներու ընտանիքներու մէջ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու տարածքներուն։

Մոսկուայի եկեղեցին կ'առաջնորդէ հովիւ Մասիս Յակոբեանը։ Սոչիի եկեղեցին կ'առաջնորդէ հովիւ Սասուն Կարախանեանը։

Այս բոլոր ծրագրերուն լայնօրէն կ'աջակցի ԱՀԱԸ-ն (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն): Սա առիթ է ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնելու այս կազմակերպութեան եւ, մասնաւորապէս, անոր գործադիր տնօրէն պարոն Զաւէն Խանճեանին։

Ես կարողացայ նաեւ այցելել Մոսկուայի եւ Սոչիի (Ադլեր) հիասքանչ Հայ Առաքելական եկեղեցիները»։