image

Վենետիկ. Հայկական մասնակցութիւն ամէնամեայ փառատօնին 

Վենետիկ. Հայկական մասնակցութիւն ամէնամեայ փառատօնին 

Իտալիոյ մէջ, օրերս, Վենետիկի միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ բացումը կատարուած է «Արհեստական բանականութեամբ մանրաճարտարապետութիւն: Նոր յիշողութիւններ պատմական յուշարձաններէն» նախագիծով ներկայացուած հայկական տաղաւարին:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Մայիս 9-ին, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան առաջին այցելութեամբ ժամանած է Վենետիկ, ուր նախ հանդիպում ունեցած է նահանգապետ Տարքօ Փելլոսի հետ։ Կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Վենետիկի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման առնչուող հարցեր, յատկապէս մշակութային, ընկերային եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ։

Նոյն օրը դեսպանը եւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի փոխնախարարը բացումը կատարած են Վենետիկի միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ «Արհեստական բանականութեամբ մանրաճարտարապետութիւն: Նոր յիշողութիւններ պատմական յուշարձաններէն» նախագիծով ներկայացուած հայկական տաղաւարին: