Ուքրանիան պատրաստ է Ռուսիոյ հետ յաջորդ բանակցութիւններուն, բայց՝ հանդիպումէն առաջ, կը փափաքի Մոսկուայէն ստանալ ռուսական կողմի յուշագիրը՝ հնարաւոր հրադադարի հաստատման վերաբերեալ։ Այս մասին կը գրէ «ՌՊԿ-Ուքրանիա»-ն։
Մայիս 28-ին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած էր, թէ պատրաստ են Յունիս 2-ին Իսթանպուլին մէջ պատուիրակութիւններու մակարդակով նոր հանդիպում ունենալու։ Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովն ալ յայտնած է, թէ մինչեւ հանդիպումը ռուսական կողմի յուշագրի մանրամասնութիւնները պիտի չհրապարակեն։
Ուքրանական կողմը տակաւին չէ հաստատած իր մասնակցութիւնը հանդիպման։ Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Երմաքի խօսքով՝ իրենք պատրաստ են մասնակցելու բանակցութիւններուն, բայց կը փափաքին նախապէս ծանօթանալ ռուսական կողմի տեսլականին հրադադարի հաստատման վերաբերեալ։
«Որպէսզի հանդիպումը անիմաստ չըլլայ, պէտք է հասկնալ անոր օրակարգը եւ համապատասխանաբար պատրաստուիլ բանակցութիւններուն։ Ցաւօք, Ռուսիան ամէն ինչ կ՚ընէ, որ յաջորդ հնարաւոր հանդիպումը անարդիւնք ըլլայ», — նշած է Զելենսքին՝ Մայիս 30-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպումէն ետք։
Ֆիտանը նոյն օրը Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումէն ետք չէ բացառած, թէ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան աւարտը պիտի ըլլայ ընթացիկ տարուան մէջ։
«Մեր դիմաց երկու ճամբայ կայ՝ կամ աչք կը փակենք այս հակամարտութեան վրայ, կամ ալ այս տարուան մէջ կայուն լուծում կը գտնենք», — ըսած է Ֆիտանը՝ համատեղ ասուլիսի ընթացքին։
Մայիս 16-ին Իսթանպուլի մէջ երեք տարուան ընդմիջումէ ետք վերսկսած էին ռուս-ուքրանական ուղիղ բանակցութիւնները, որոնց ներկայ էր նաեւ թրքական կողմը։ Շուրջ 2 ժամ տեւած հանդիպումէն ետք ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մետինսքին յայտարարած էր, թէ գոհ են բանակցութիւններու արդիւնքէն։ Հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր, որ Մոսկուան ու Քիեւը պիտի պատրաստեն փաստաթուղթեր, որոնք պիտի ներկայացնեն իրենց դիրքորոշումը՝ կայուն կարգաւորման հասնելու համար։