image

Վազգէն Շուշանեանէն հոգեյոյզ եւ հիանալի գրութեան մը առթիւ

Վազգէն Շուշանեանէն հոգեյոյզ եւ հիանալի գրութեան մը առթիւ

 

Պատառիկ մը եւս կլանեց զիս մեծն Վազգէն Շուշանեանի օրագիրներէն, ուր ինչպէս միշտ կը հոսին ազգայինի եւ համամարդկայինի բովանդակ համադրումներ, գեղագիտական ու լեզուական բարձրագոյն հանգանակով մը ու յաւերժապէս արժէքաւոր թելադրականութեամբ:

Վազգէն Շուշանեանը մեր ամենամեծ գրողներէն մին է եւ անոր արձակը իւրայատուկ է նոյնիսկ միջազգային չափանիշներով: Անմիջական ու ազնուական մեծ ոճով մը եւ համամարդկայնութեան ու ազգայնութեան հիանալի համադրումներով՝ Վազգէն Շուշանեանը լիօրէն իր պատուական տեղը տակաւին չէ գրաւած հայ եւ - ինչ որ, տեղ մը մեղադրելի չէ, փոքրիկ ժողովուրդներուն համար - միջազգային ալ գրականութեան մէջ:

Այս կարճ պատառիկը առնուած է իր «Օրագիր»էն, որ հրաշալի, գերզգայուն ու միեւնոյն ժամանակ մեծ արժէք ու հունաւորում ստեղծող արձակ է: Հոն՝ գրողին անձնական կեանքի փորձառութեան ու փորձութիւններու բովով տպաւորապաշտ գրութենէ մը աւելի, մեծ փիլիսոփայական հենքի մը վրայ կառուցուած գործ մըն է: «Օրագիր»ը շատ եզակի է եւ վարակիչ, միեւնոյն ատեն կլանող յուզականութիւն մը ունի, որուն կը ձգտին ամէն տեսակի արուեստի գլուխ գործոցները: Եւ հոս կ՚արժէ ըսել, որ Շուշանեանի կենսագրականն ու անցած ճամբան ալ կրնայ յիշուիլ պայծառականութեամբ ու գրական իւրայատուկ կերպար ստեղծելու առումով:

«Օրագիր»ին այս երկու էջերէն առաջինը. Հայ տղու մը մասին է, որ տեղափոխուած է Ֆրանսա ու կը մաքառի իր նոր կեանքը կերտելու: Հոն Շուշանեան կարծես իր երիտասարդական շունչը, հոգին եւ ապրած փորձը կը դնէ: Երկրորդ էջին մէջ կ՚երեւի Շուշանեանի արեւմտահայերէնի հանդէպ նախանձախնդրութիւնը եւ սփիւռքի մէջ եղած ուծացումէն մտահոգուելով ան կը նկարագրէ հայերէն լեզուի այդ ժամանակուայ վիճակը, հոն հնչած ակնարկները այժմէական կը մնան: Ընդհանուր առմամբ միշտ ըմբոշխնելի կը մնայ Վազգէն Շուշանեանի զուլալ, ոսկեղէն ու գեղեցկագոյն արձակը: 

Կ՚արտագրեմ յապաւումներով Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի»ի թիւերու մէկէն:

*

Սէնթ Օպէն, մարտ 8. 1940, ուշ գիշեր

ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ

Նորմանտիոյ մէկ օտարատեաց գիւղին մէջ կորուսեալ այդ հա՛յ տղան, որուն լուրջ ու թուխ դէմքին վրայ մեր հինաւուրց արդարութիւնը կը նշուլէ կարծես, մեղմօրէն, կարծես, ճամբաներուն վրայէն սահելով, կու գայ ու շուքի մը պէս կը կենայ քովս:

Այսօր եւս հայերէն խօսեցայ: Դանդաղ, զարմանահար առոգանութեամբ մը, ճաշակելով արտասանած իւրաքանչիւր բառս: Ինչպէս մարդ երբ ճաշակը կը կորսնցնէ իր շատ սիրած պտուղին ու մէկէն կ՚իյնայ ճոխ պարտէզի մը մէջ:

Ոսկեթաթախ դեղձերու պէս համեղ էին հայոց լեզուի բառերը քիմքիս վրայ: Յետոյ յեղակարծօրէն մայրս յիշեցի, առանց պատճառի, ու սիրտս ելաւ:

Մարտ 10

Հիմնական պատճառներ կան անշուշտ մեր լեզուին աստիճանական մահացման, բրածոյացման,- եթէ կարելի է այս բառը գործածել: Պատճառներ, որ մեր ուժէն վեր է բառնալ,- հայրենի երկրին հետ անոր խզումը, օտար լեզուներու յաճախ չարագէտ ու ամենօրեայ ազդեցութիւնը, հայ լեզուի ուսուցման վայրերու սակաւաթիւ ըլլալը: Կ՚արժէ՞ միթէ ասոնց վրայ յաւելուածական պատճառ մը եւս կուտակել՝ աւելի եւս արիւնազուրկ ընելու համար մեր գրականութիւնը:

Անուշ արեւ մը կը դեգերի սենեակիս բոլորտիքը, կը սողայ ներս ու կը գրկէ է՛ն խոնարհ իրերն ու առարկաները: Ամէն ինչ արտայայտութիւն կը փոխէ անոր շքեղ լոյսին տակ, ամէն ինչ բաբախուն կը դառնայ կենսունակութեամբ: Ձեռքերս իսկ կը զարթնուն իրենց խաղաղ լրջութենէն: Հարկ է զսպել զանոնք, վասնզի կրնան վտանգաւոր դառնալ:

 

Տիգրան Գաբոյեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Տիգրան Գաբոյեան

Տիգրան Գաբոյեան

Ծնեալ Հալէպ, Սուրիա: -Ուսումով իրաւագէտ եւ Մա...