image

Վենսը հիանալի թեկնածու կրնայ դառնալ 2028-ի ընտրութեանց. ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար

Վենսը հիանալի թեկնածու կրնայ դառնալ 2028-ի ընտրութեանց. ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար

ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը կրնայ դառնալ պետութեան ղեկավարի պաշտօնի թեկնածու 2028 թուականի ընտրութիւններուն։ Այս կարծիքը յայտնած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։

«Կարծեմ՝ Վենսը փայլուն թեկնածու պիտի ըլլայ», - ըսած է ան Fox News-ին։

Ռուպիոյին նաեւ հարցուցած են, թէ արդեօք կը ծրագրէ առաջադրուիլ 2028 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն։

«Երբեք չես գիտեր, թէ ապագան ինչ կը նախապատրաստէ։ Ոչինչ բացառուած է», - ըսած է ան՝ աւելցնելով, թէ ներկայիս կեդրոնացած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր աշխատանքին վրայ։

Աւելի առաջ Semafor լրատուամիջոցը յայտնած էր, թէ Վենսն ու Ռուպիոն կը համրուին 2028-ի ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութեան նախագահի եւ փոխնախագահի պաշտօններուն համար ամենահաւանական թեկնածուները։