image
Հրատապ լուրեր:

Յետ գրութի՞ւն, թէ՞ յետ գրութեան

 Յետ գրութի՞ւն, թէ՞ յետ գրութեան

1.Առաջարկ

Այսօր բարեկամ մը  հարցուց, թէ հետեւեալներէն ո՛ր մէկը ճիշդ  է՝

---յետ գրութի՞ւն

---յետ գրութեա՞ն

Խոստովանիմ, որ վաղուց սովորութիւն դարձուցած եմ գրել Յ. Գ. եւ որեւէ ատեն չեմ հարցուցած, թէ ո՛ր բառերուն սկզբնատառերն են ասոնք,  եւ որեւէ ատեն ալ գլուխս չէ ցաւած  այդ պատճառով, եւ ահա հիմա այս  անակնկալ հարցումը, կրնամ ըսել՝ անակնկալ  ծուղակը:  Եկո՛ւր եւ որոշէ՛:

Ամէն բանի ժամանակը կայ,– ըսած է  Սողոմոն իմաստուն:

Լեզուական հարցերը լուծելու առթիւ միշտ ալ թաքուն  ակնարկ մը կը նետեմ գրաբարին՝ մայր լեզուին,  այն համոզումով, որ ան աւելի հմուտ կիրարկուած է, միւս կողմէ՝ մեր ազգային լեզուներու մեծատունն է ան, ուստի լոյս մը կ’աղերսեմ անկէ:

Արդ, «Նոր հայկազեան»-ը  չունի այս  բառակապցութիւնը իբր այդպիսին.  ան  ունի մեծաթիւ օրինակներ յետ նախադրութեամբ եւ սեռական հոլով խնդիրով, ինչպէս՝ յետ մահու, յետ երից աւուրց,  յետ գերութեան, յետ  պատերազմի  եւ այլն, որոնք  առնչութիւն չունին մեր քննարկումին հետ, որուն առարկան այն փոքրիկ գրութիւնն է, որ նամակագիր մը, յօդուածագիր մը կամ որեւէ գրութեան հեղինակ կ’աւելցնէ, ըսենք, մայր գրութեան աւարտին՝ զայն ստորագրելէ առաջ կամ ետք՝ Յ. Գ. յապաւումի ձեւին տակ:

                                                                 *   *  *

Այս  սովորութիւնը աշխարհի ժողովուրդներու մէջ ծնունդ պէտք է առած ըլլայ լատիներէնի թելադրանքով, ուր ի վաղուց անտի  շատ յստակ կ’արձանագրուի ան ընդհանրապէս Post-scriptum, շատ աւելի յաճախ՝   P. S. յապաւումով:

Հիմա տեսնենք, թէ մեր աշխարհաբարի հեղինակները ինչպէ՛ս  թարգմանած են այս  բառը, որ լատիներէնի մէջ կցական  բարդութիւն մըն է եւ ենթադրուած է բնորոշել այն հակիրճ գրութիւնը, որուն ակնարկեցինք:

Կը գտնենք երեք տարբեր մեկնութիւններ.

           ա)յետ գրութեան կը թարգմանեն՝ Հեքիմեան, Տեմիրճիպաշեան, Էմինեան, Փափազեան, Չաքմագեան, Լուսինեան, Կոգեան, Կռանեան, Գույումճեան, Տէր Խաչատուրեան,  Ճերեճեան, Գուշագճեան:

գ)յետգրութիւն կ’ընդունին  Մալխասեան, Աղայեան, Ակադեմիայի քառահատորը, Սուքիասեան, Մուրատեան-Խաչատրեան:

բ)յետագրութիւն կը թարգմանեն՝  Աւգերեան, Բիւզանդացի, Նուպարեան, Մալխասեան, Ճիզմեճեան, Ակադեմիայի քառահատորը,  Աղայեան, Սուքիասեան:

 

2.Լուծում

Ո՞ր մէկը ընտրել այս երեքէն:

ա) յետ գրութեան

Այս՝ ընդհանուր հայերէնին շատ ծանօթ կաղապարը, ուր ունինք յետ+սեռական, ժամանակ ցոյց կու տայ թէ՛ գրաբարի, թէ՛ աշխարհաբարի մէջ եւ կը պատասխանէ ե՞րբ հարցումին. այսպէս՝ յետ մահու՝ ե՞րբ, յետ պատերազմի՝ ե՞րբ: 

Արդ, մեր փնտռածը ժամանակի անուն մը չէ, այլ անունն է գրութեան մը, որ առարկայանիշ հասկացութիւն է եւ իբր այդպիսին՝ պէտք է պատասխանէ ի՞նչ հարցումին:

  բ) յետ  գրութիւն կամ յետգրութիւն

Այս կաղապարը՝ յետ + ուղղական-հայցական, հայերէն չէ:

Մեր լեզուն՝ գրաբար, միջին հայերէն եւ աշխարհաբար, ոչ մէկ ատեն համատեղած է յետ նախադրութիւնը ուղղ.-հայց. հոլովը կրող գոյականի մը հետ: Ան  կրնայ դրուիլ միայն ու մի՛միայն սեռական հոլովին վրայ: Հետեւաբար «յետ  գրութիւն»-ը մերժելի կառոյց  է: 

գ) յետագրութիւն

Հայերէնի բառակազմութեան բոլոր կանոնները յարգող իսկական բարդութիւն մըն է այս, որ կը նշանակէ «ետեւը, վերջը գտնուող գրութիւն»: Այլ խօսքով՝ սա ճիշդ այն բառն է, որ կը փնտռենք՝ բնորոշելու համար  գրութեան մը աւարտին աւելցած  միւս՝ յարաբերաբար աւելի հակիրճ, վերջէն յիշուած, լուսաբանութիւն մը բերող հատուածը: Ան   առաջարկուած է  Աւգերեանի, Բիւզանդացիի, Նուպարեանի եւ  Ճիզմեճեանի կողմէ, կը պատասխանէ ի՞նչ հարցումին,   եւ  կը լրացնէ իմաստաբանական  եւ քերականական բոլոր  պայմանները:  

Հայերէնի  փնտռածը ճի՛շդ  այս  յետագրութիւն-ն է:

                                                           *   *   *

Փոխադրենք հարցը պահիկ մը լատիներէնի մէջ, որու, ինչպէս ըսինք, Post-scriprum-ին  ժառանգորդն է  մերը եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներունը: Եւ տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս վարուած է լատիներէնը, իմա՝ զայն գրողները:

Post-ը հոմանիշն է մեր յետ-ին:

Գալով  scriptum-ին, ան հայցական հոլովն է script ուղղականին  եւ կը նշանակէ գիր, գրութիւն:

Արդ, եթէ լատիներէնը գրէր post scriptum` անջատ, այս բառակապակցութիւնը պիտի պարզապէս նշանակէր յետ գրութեան կամ  գրութենէ ետք,  ինչպէս post mortem կը նշանակէ  յետ մահու կամ մահէն ետք, post bellum կը նշանակէ յետ ռազմի կամ  պատերազմէն ետք. այսինքն՝ ճի՛շդ  հայերէնի յետ գրութեան համարժէք կառոյց, որ ժամանակ ցոյց կու տայ եւ կապ չունի «գրութիւն» հասկացութեան հետ:

Բայց լատիներէնը գրած է  post-scriptum` կցուած: 

Որովհետեւ իր նպատակը ժամանակի մը անուանումը չէ եղած, այլ ան փնտռած է  բուն գրութեան յաջորդող յետագրութիւնը:

Այս ընելու համար՝  ան կապած է իր երկու բաղադրիչները միութեան գծիկով մը,– ինչպէս հայերէնը կապած է զանոնք յօդակապով մը,– որովհետեւ այս լեզուն  շատ հակամէտ չէ  յօդակապաւոր բարդութիւններ կազմելու,   չունի այդ ճկունութինը, ուստի ան գոհացած է կցական բարդութեամբ մը հո՛ն, ուր հայերէնը կ’առնէ   այդ նոյն բաղադրիչները  եւ յօդակապի մը շնորհիւ այնքան հեշտութեամբ կը կազմէ իր յետ+ա+գրութիւն բարդ բառը, որ  ձեւի ու իմաստի գերազանց  ներդաշնակութիւն մըն է:

Post-scriptum = յետագրութիւն հաւասարութեան մեր մէջ առաջին անդրադարձողը  հայր Յարութիւն Աւգերեանն է,  իսկ իրմէ ետք  Նորայր Բիւզանդացին, երկուքն ալ հմուտ լատինագէտ էին. ասոնք  առաջինը ճիշդ ըմբռնած են  լատինական  յիշեալ կառոյցը եւ այդ ճիշդ ըմբռնումին արդիւնքն է յետագրութիւն ճիշդ ձեւը՝ իբրեւ «յաւելուած նամակի, որ գրի համառօտութեամբ  P. S.  եւ հայերէն Յ. Գ.» (Նորայր Բիւզանդացի):

Ուրեմն՝ կամ կը գրենք  «Յետագրութիւն»՝ ամբողջութեամբ,  կամ  «Յ. Գ.»՝ յապաւումով, հասկնալու համար, սակայն, որ այս յապաւումը կը նշանակէ յետագրութիւն եւ ո՛չ թէ  յետ գրութեան կամ յետ գրութիւն:



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com