Վատիկանի հետ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ պահպանող Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երէց միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Պարսամեան օրերս ընդունուած է Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։
Նշենք, որ Գերշ. Տ. Խաժակ արք. կը վարէ Վատիկանի մէջ Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի ներկայացուցիչի պաշտօնը։
Ստորեւ «Արեւելք» կը ներկայացնէ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը։
6 Փետրուարին, խումբ մը հայ հոգեւորականներ՝ քոյր Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հետ, որոնք այս օրերուն Վատիկան կը գտնուին ճանաչողական այցով, ընդունուեցան Վատիկանի՝ Սուրբ Մարթայի նստավայրին մէջ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի կողմէ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ժամանած հայ հոգեւորականներու պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի ներկայացուցիչ Գեր. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Ունկնդրութեան ժամանակ ընթերցուեցաւ Հռոմի Քահանայապետի ուղերձը, ուր ան բարի գալուստ կ'ըսէր ներկաներուն Սաղմոսի խօսքերով. «Որքա՜ն բարի, որքա՜ն վայելուչ է, որ եղբայրները կը բնակին միասին» (Սաղմ. 133,1)՝ արտայայտելով իր ուրախութիւնը Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու երիտասարդ քահանաներու եւ միաբաններու այցին համար։
Ֆրանչիսկոս պապը նաեւ եղբայրաբար ողջունեց Գեր. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը եւ Գերապատիւ Տ. Պառնապա Եպս. Էլ Սորեանին, որոնք կ'ուղեկցէին իրենց պատուիրակութիւններուն։
«Ես ձեր միջոցով կ'ողջունեմ իմ պատկառելի եւ սիրելի հոգեւոր եղբայրները՝ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու կաթողիկոս-պատրիարքները»,– ըսաւ Պապը։
Պապը յիշեցուց, որ նմանատիպ այցեր կաթոլիկ հոգեւորականներու համար նախորդ տարիներուն կազմակերպուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան եւ Մալանքարայի ասորի ուղղափառ Եկեղեցւոյ կողմէ։
Ան ընդգծեց, որ հոգեւորականներու այցը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի այս տարի, երբ կը նշուի Նիկիոյ Տիեզերական առաջին ժողովի 1700-ամեակը, «ժողով, որ հաստատեց քրիստոնեաներու ընդհանուր Հաւատքի Խորհրդանիշը»։
Ապա Ֆրանչիսկոս պապը անդրադարձաւ «խորհրդանշան» բառի եռակի իմաստին։ Աստուածաբանական առումով, այն կը համախմբէ քրիստոնէական հաւատքի հիմնարար ճշմարտութիւնները, որոնք կը լրացնեն իրարու եւ կը ներդաշնակուին։
«Այդ իմաստով, Նիկիական հաւատոյ հանգանակը, որ համառօտ կը ներկայացնէ մեր փրկութեան խորհուրդը՝ անժխտելի եւ անգերազանցելի է»,- նշեց Պապը։
Ան յիշեցուց, որ «խորհրհանշան»-ը ունի նաեւ եկեղեցաբանական նշանակութիւն, քանի որ կը միաւորէ ոչ միայն ճշմարտութիւնը, այլ նաեւ հաւատացեալները՝ դառնալով «հաւատացեալներու ճանաչման եւ հաղորդութեան նշան»։
«Իւրաքանչիւր ոք հաւատքն ունի որպէս «խորհրդանիշ», որ իր ամբողջական միասնութիւնը կը գտնէ միայն միւսներուն հետ»,- բացատրեց Ֆրանչիսկոս պապը՝ աւելցնելով, որ «մենք իրարու կարիքն ունինք՝ հաւատքը միասին դաւանելու համար, եւ այդ պատճառով ալ Նիկիոյ հաւատոյ հանգանակի սկզբնական տարբերակը կ'օգտագործէ յոգնակի ձեւը՝ «մենք կը հաւատանք»։