Հայաստանը միշտ պատրաստ է աջակցելու եւ համագործակցելու Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իշխանութիւններու հետ: Այս մասին յայտարարած է Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեանը:
10 Մարտին Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւն այցելած են Հալէպի նահանգապետի տեղակալ Ալի Հաննուրան, նահագապետի խորհրդական Ղասսան Ֆարրուհը, աշխատակազմի ղեկավար Ապտ ալ-Մունայիմ Ազատտինը, արտաքին եւ քաղաքական յարաբերութիւններու վարչութեան պետ Ահմետ Բատաուին եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Եասեր Մաուլոյը:
Փոխադարձ ճանաչողական զրոյցէն ետք, ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Ա. Աւետիսեան անդրադարձած է հայ-արաբական պատմական կապերուն, հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներուն միջեւ աւանդական ջերմ յարաբերութիւններուն, որ ազգամիջեան բարեկամութեան դասական օրինակ կրնայ ծառայել և օգտակար ըլլալ վերականգնելու հանդուրժողականութիւնը, ծառայելու եւ փարատելու ազգամիջեան թշնամանքը, աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ:
Հիւրերը իրենց լիարժէք համաձայնութիւնը յայտնած են այս ուղղութեամբ՝ աւելցնելով, որ իրենք Սուրիոյ հայ քաղաքացիներու եւ Հայաստանի հանդէպ մեծ ակնածանք եւ յարգանք ունին ու այդ վերաբերմունքը շարունակական պիտի ըլլայ:
ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը ներկայացուցած է համագործակցութեան լայն շրջանակը, բոլոր ասպարէզներու մէջ, որ աւանդաբար գոյութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ, աւելցնելով, որ Հայաստան միշտ ալ պատրաստ է աջակցելու եւ համագործակցելու Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին կողմից ընտրուած իշխանութիւններուն հետ:
Գլխաւոր հիւպատոսը հիւրերուն ներկայացուցած է վերջերս կայացած ՀՀ ԱԳ փոխնախարար Վ. Կոստանեանի այցելութիւնը Դամասկոս եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը: Ան համագործակցութեան իր տեսլականը ներկայացուցած է հիւրերուն՝ ակնկալելով նաեւ անոնց ցանկութիւնները եւ դիտարկումները այդ ուղղութեամբ:
Նահանգապետի տեղակալը իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած է ամենայն աջակութիւն ցուցաբերելու Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատանքներուն:
Կողմերը պայմանաւորուած են փոխադարձաբար մշտական կապի մէջ ըլլալ: Ա. Աւետիսեան իր ջերմ ողջոյնները փոխանցած է նահանգապետին եւ խոստացած մօտ ժամանակներս այցելել նահանգապետին: