image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ պիտի քննարկուի Պաքուի մէջ անօրինական կերպով պահուող հայ գերիներու հարցը

Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ պիտի քննարկուի Պաքուի մէջ անօրինական կերպով պահուող հայ գերիներու հարցը

Եւրոպական խորհրդարանը իր լիագումար նիստին պիտի քննարկէ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու հարցը։

«Ատրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու ապօրինի ձերբակալութիւնները եւ բարձրաստիճան քաղաքական ներկայացուցիչներու կեղծ դատավարութիւնները» խորագրով քննարկումները նախատեսուած էին Մարտ 12-ին, իսկ հրատապ բանաձեւի քուէարկութիւնը Մարտ 13-ին։