image

Եպիսկոսական օծում՝ Անթիլիասի մէջ. Քուէյթի եւ Յունաստանի Թեմի առաջնորդ հայրերը եպիսկոպոսական օծում ստացան (Լուսանկարներ)

Եպիսկոսական օծում՝ Անթիլիասի մէջ. Քուէյթի եւ Յունաստանի Թեմի առաջնորդ հայրերը  եպիսկոպոսական օծում ստացան (Լուսանկարներ)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հոգեպարար արարողութեան մը աւարտին Կիլիկեան Աթոռի երիտասարդ միաբաններ եպիսկոպոսական օծումի արժանացան։ 

Օծումը կատարեց (Ըստ կանոնի) եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։

Նշենք, որ Միաբան հայրերէն երկուքը՝ (Գերշ. Տ. Պետրոս եւ Գերշ. Տ. Սահակ) Քուէյթի եւ Յունաստանի Հայոց Թեմերու Առաջնորդներ էին արդէն (Պետրոս Սրբազանը մինչեւ օծում ստանալը, կը ծառայէր, որպէս Կաթողիկոսական Փոխանորդ), իսկ երրորդ միաբանը ՝ Գերշ. Տ. Տաճատ եպս. Աշըգեանը վարչարարական ունակութիւններով յայտնի վանաբնակ միաբան է, որ կը վարէ Կիլիկեան Աթոռի դիւանապետի  պատասխանատու պաշտօն։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներու կը ներկայացնենք այդ առթիւ «Կիլիկիա» հարթակին հրապարակած լրատւութիւնը։

Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութենէն մեր ժողովուրդ զաւակներուն ծառայութեան լծուած Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Մանուէլեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերպ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Աշըգեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Շաբաթ երեկոյեան, 22 Փետրուար 2025-ին, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առթիւ կատարեցին իրենց հաւատքի խոստովանութիւնն ու ուխտի ստորագրութիւնը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ վեհարանէն սկիզբ առաւ հայրապետական թափօրը, որուն մաս կը կազմէին հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական բոլոր կարգերը եւ ընծայեալներու թեմերու ժողովուրդի ներկայացուցիչները։ Հայրապետական ամպ հովանին կրելու պատիւը տրուած էր Քեռի Սարգիսեանին, Թագւոր Յովակիմեանին, տոքթ. Արմէն Տէրեանին եւ Կիրակոս Գույումճեանին։ Վեհափառ Հայրապետին կողին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան։

Խարտաւիլակ հայր սուրբին՝ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանի առաջնորդութեամբ, ընծայեալները ծնրադիր առաջնորդուեցան դէպի Սուրբ Երրորդութեան խորան, ուր Հայրապետը զանոնք հաւատքի քննութենէ անցուց եւ իր հայրական յորդորները տուաւ անոնց։

Աղօթքներու ու սաղմոսներու ընթերցումով, Նորին Սրբութիւնը ճշմարիտ դաւանութեան օրինակը տուաւ ընծայեալներուն, որմէ ետք ուղիղ դաւանութեան հաստատական խօսքերով՝ ընծայեալ ծայրագոյն վարդապետները խոստովանեցան ճշմարիտ դաւանութիւնը՝ համաձայն ուղղափառ եկեղեցւոյ դաւանանքին: Ընթերցուեցան Յունաստանի ու Քուէյթի եւ Շրջակայից թեմերու ազգային երեսփոխանական եւ Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան կողմէ տրուած վկայագիրներն ու խնդրագիրները։

Նուիրեալները ծնկաչոք ընթերցեցին իրենց ուխտագիրները եւ հրապարակաւ վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմական ու դարաւոր Սուրբ Աթոռին, ինչպէս նաեւ իրենց հնազանդութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետին եւ ծառայական հաստատակամութիւնը՝ հայ եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին։

Հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը եպիսկոպոսական իշխանութեան խորհրդանիշ եմիփորոններ զգեցուց անոնց եւ «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց։