Քրեմլինի մէջ տեսած են Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Վենսի՝ Ուքրանիա ամերիկեան զօրք ուղարկելու մասին հերքումը։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։
«Մենք այդ ընդունած ենք ի գիտութիւն»,- ըսած է ան։
Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ ճէյ Տի Վենս յայտարարած էր, որ Wall Street Journal աղաւաղած է իր պատասխանը՝ ամերիկեան զինուած ուժեր Ուքրանիա ուղարկելու հնարաւորութեան մասին հարցին։